Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան եւ Ատրպէյճանի միլլի մեճլիսի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա 22 Մարտին հանդիպում մը ունեցան։
Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատումիջոցները։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու խորհրդարաններուն՝ աջակցելու հարցերը խաղաղ գործընթացին` Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններու լոյսին տակ:
Կողմերը պայմանաւորուեցան դիտարկել խորհրդարանական մակարդակով երկխօսութեան կարելիութիւնները: