
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմը, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ բարերարներու, Կլենտէյլի մեր հայահոծ բնակչութեան համար պիտի կառուցէ յոյսի ու հաւատքի լուսաւոր նոր տուն մը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին։ Արդարեւ, Կիրակի, 17 Մարտի երեկոյեան, տօնական եւ կենսունակ տրամադրութեամբ, առաջնորդարանի «Քալայճեան» սրահին մէջ, սրբազանին շուրջ համախմբուած բարերարներ եւ հիւրեր մօտէն ծանօթացան նոր եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանի կառոյցներու շինարարական ծրագիրներուն։ Հաւաքոյթին բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, որ ըսաւ, թէ հաւաքոյթը ինքնին կենդանի վկայութիւն մըն է, թէ եկեղեցին իր ծառայական առաքելութեան մէջ առանձին չէ, այլ շատեր կու գան միանալու եւ գործնապէս մասնակցելու կենսական կարեւորութիւն ունեցող նոր եւ ինքնուրոյն եկեղեցի եւ յարակից ամէնօրեայ վարժարան մը ունենալու երազանքի իրականացման:
Հաւաքոյթին ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիրեան եւ համալիրի ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեան: Ապա ներկաները ժապաւէնի ճամբով դիտեցին, ապրեցան եւ զգացին համալիրի շքեղութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Համալիրը իր ամբողջութեամբ հարուստ է երկնասլաց գմբէթներով, գեղակերտ զանգակատունով, խաչերով զարդարուն հոյակերտ ցանկապատերով, սլացիկ բացօթեայ խորանով եւ կանաչապատ ընդարձակ բակով, իսկ եկեղեցին ու վարժարանը օժտուած են ներքին բաժանումներով, բազմանպատակ յարմարութիւններով եւ արդիական սարքաւորումներով: Համալիրը իր ամբողջութեամբ թէ՛ դիրքի եւ թէ վայրի առաւելութիւններով բոլորի ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ եւ բերկրանքով պիտի լեցնէ բոլորին հոգիները, իբրեւ խորհրդանիշը եւ ամրոցը մեր հաւատքին, մշակոյթին եւ ինքնութեան, բաբախող սիրտը հանդիսանալով Կլենտէյլի հայութեան:
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ նախ մէջբերում մը կատարելով Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութենէն՝ ներկաներուն յայտնեց, որ ձեռնարկը կը միտի իրազեկ պահել հաւատաւոր ժողովուրդը այն աշխատանքին մասին, որուն գլխաւոր նպատակն է՝ ստեղծել հնարաւոր միջոցները՝ ծաւալելու եւ զարգացնելու համար թէ՛ եկեղեցական կեանք, թէ դպրոցական առաքելութիւնը, եւ թէ տակաւին համայնքին համար օգտաշատ այլ ծառայութիւններ: Սրբազանը իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ՝ եկեղեցական նոր համալիրը «արդէն իսկ իր դռները կը բանայ լիարժէք կերպով իր ծառայութիւնը շարունակելու Կլենտէյլի մէջ, իբրեւ կարեւորագոյն համալիր Արեւմտեան թեմի սահմաններէն ներս»:
Սրբազանը մասնաւոր անդրադարձ կատարեց Սփիւռքի մէջ մեր հոգեւմտաւոր արժէքները բարձր պահելու հրամայականին: Ան ընդգծեց հայ եկեղեցւոյ եւ վարժարանին մէջ հայ պատանիին մէջ հայ քրիստոնեայ նկարագիրի կերտումի պահանջը:
«Տարակոյս չունինք, որ ձեր մնայուն զօրակցութեամբ նուիրական այս առաքելութիւնը յաջողութեամբ պիտի պսակուի», ըսաւ սրբազանը: Ան գնահատանքի իր խօսքը ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն եւ ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեանին, որ համալիրը կ՛օժտէ հայկականութեամբ: Սրբազանը խորին գնահատանքի խօսք յայտնեց խորհրդատու մարմինի անդամներուն, ատենապետութեամբ Յովիկ Դաւիթեանին, որոնց համար՝ եկեղեցի-դպրոց կառուցելու նուիրական այս ծրագիրը մարտահրաւէր մը պիտի դառնայ։ Առաջնորդը իր երախտագիտութեան խօսքը յայտնեց նաեւ դպրոցի գլխաւոր բարերար ամոլին՝ տէր եւ տիկին Արման եւ Սիւզաննա Նարինեաններուն, ինչպէս նաեւ դատաւորուհի Շողիկ Վարդանեանին, որոնց ի պատիւ համալիրը պիտի կոչուի Նարինեան անունով։
Վերջապէս, սրբազանը շնորհաւորեց Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանը, որուն վստահուած է համալիրի վերատեսուչի պաշտօնը եւ տարածաշրջանի հովուութիւնը։
(Քաղուած առաջնորդարանի դիւանի թղթակցութենէն)