Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձերու համար Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու պայմանաւորուածութիւնը վերահաստատեց նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպման ընթացքին:
Միրզոյեան այս մասին յայտարարեց Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին ընթացքին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրի (2021-2026) 2023ի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն վերաբերող զեկոյցի քննարկման ատեն:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է նաեւ Անիի պատմական կամուրջի միացեալ վերանորոգութեան մասին: «Հիմա արդէն կոնկրետ (յստակ) արձանագրութիւններ են փոխանակւում հէնց Անիի կամրջի մասով, որ տեսնենք, թէ ինչպէս է այդ աշխատանքը հնարաւոր ամենաօպտիմալ (ամէնէն գոհացուցիչ) կերպով կազմակերպել: Ցաւօք, միւս պայմանաւորուածութիւնը` մասնակի բացումը, մինչեւ այժմ իրականացուած չէ: Թէեւ այս մասին պայմանաւորուածութիւնը նաեւ նոր նախարարի հետ հնարաւորութիւն ունեցայ վերահաստատել», ըսաւ Միրզոյեան։