Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Շաբաթ օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն քննադատելով՝ ըսաւ. «Նեթանիահուն իր տեղը ապահովեց Հիթլերի, Մուսոլինիի եւ Ստալինի կողքին»
Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»ի՝ Էրտողան նաեւ Իսրայէլը ամբաստանեց «Կազայի մէջ մարդակային ոճիրներ գործելով մեր ժամանակուան նացիներուն պէս վարուելու» յանցանքով:
Նեթանիահու, հակադարձելով Էրտողանին՝ «Էքս»ի վրայ գրած է հետեւեալը. «Իսրայէլ պիտի չլսէ բարոյական քարոզներ Էրտողանէն, որ ահաբեկչական «Համաս» կազմակերպութեան մարդասպաններուն եւ բռնաբարողներուն կ՛աջակցի, կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իր երկրին մէջ քիւրտերու զանգուածային սպանդը, եւ կը բռնաճնշէ վարչակարգին ընդդիմախօսները եւ լրագրողները»:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ եւս պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։