«Հայաստանի տարածքին Ատրպէյճանի պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը մեծ հիասթափութիւն կը յառաջացնէ», Ուրբաթ օր, Պաքուի մէջ` «Պաշտպանելով բազմազանութիւնը. պայքար իսլամատեացութեան դէմ 2024» նիւթով միջազգային համաժողովին ընթացքին յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճան դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕին` արհեստագիտական առաքելութիւն մը ուղարկելու համար Հայաստան` «գնահատելու մեր մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններուն վիճակը, որոնք տարիներով ոչնչացուած են այդ երկրին մէջ»:
«Դժբախտաբար, ԵՈՒՆԵՍՔՕն տակաւին չարձագանգեց այս կոչին», ըսաւ Ալիեւ:
2020ի աշնունէն սկսեալ, Հայաստան միջազգային հանրութեան շարունակաբար կ՛ահազանգէ Արցախի եւ անոր շրջակայքը գտնուող հսկայական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, պղծման եւ իւրացման` Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութեան մասին:
Տարբեր հաշուարկներով`Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը գտնուին 4000էն 6000 յուշարձաններ, որոնց կարգին՝ եկեղեցիներ, խաչքարեր եւ ամրոցներ: