
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Վերջին հարիւր տարիներուն, ծխախոտի եւ ծխելու վնասներուն մասին աշխարհի տարածքին բժիշկներ եւ մարդոց առողջութեամբ մտահոգ գիտական մարմիններ գրած են հազարաւոր յօդուածներ: Բոլորը արթնութեան հրաւիրած են մարդկութիւնը, թելադրած՝ հեռու մնալ ծխելէ եւ ծխախոտ գործածելէ, որպէսզի մարդ արարածը ապրի աւելի առողջ եւ երկար: Հայ բժիշկներն ալ իրենց բաժինը բերած են այս առաքելութեան, ուր որ ալ գտնուած են:
Հետաքրքրական է այն, որ 17րդ դարուն գտնուած են հայ գրչագիրներ, որոնք ո՛չ բժիշկ եղած եւ ոչ ալ գիտութեամբ զբաղած, սակայն իրենց բանաստեղծութիւններուն եւ տաղերուն ընդմէջէն անդրադարձած են ծխելու յոռի սովորութեան եւ մարդոց ծխախոտին հասցուցած վնասներուն ու առողջութեան վատթարացումին:
17րդ դարուն հայ ստեղծագործողները զգացած են ծխելու արատաւոր ըլլալը եւ իրենց ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն կոչ ըրած են հրաժարելու այդ ոչ օգտակար մոլութենէն:
Յովհաննէս Թութունճի՝ կղերական եւ դիւանագէտ, զբաղած է նաեւ գրականութեամբ: Ան գրած է բանաստեղծութիւններ եւ տաղեր, մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հայ մարդու առողջապահութեան նկատմամբ. ի մասնաւորի, տաղեր գրած է ծխախոտի վնասներուն եւ ծխելու յոռի երեւոյթին մասին: Ան յորդորած է ժողովուրդը, որ չծխէ, որպէսզի ունենայ առողջ մարմին, առողջ միտք ու հոգի: Ան կը նկատուի ծխախոտի դէմ պայքարող առաջիններէն, 17րդ դարուն: Յովհաննէս Թութունճիի տաղը բաղկացած է քսան քառատողէ: Ահաւասիկ իր շատ հետաքրքրական եւ բժշկագիտական մօտեցումներով հարուստ եւ երկար «Ծխախոտի Մասին» տաղէն բաժիններ.
- Թէ հարցանեմք ի սուրբ գրոյն,
Գարշ եւ զազիր ասէ զթութուն,
Որպէս մեղուն փախչի ծխոյն,
Նոյնպէս հրեշտակն յայն պիղծ հոտոյն. - Փող մը չունին, որ տան հոգոյն,
Երթան պարտօք գնեն զթութուն…:
Զապրանքն կեր կու տայ հրոյն
Գողնայ ի տանէն եւ գնէ թութուն: - Ծուխ կը հանեն ի քթերուն,
Որպէս սեւ oձ ի բերանուն,
Վա՛յ է հազար նոցա հոգուն,
Որ կատարեն զկամքն դիւուն: - Այ յեղկելի մարդ երերուն,
Մի՛ հուր վառեր անմեղ հոգոյն,
Դու մի՛ զրկեր յանճառ լուսոյն,
Համբերէ, մի՛ խմիր թութուն: Այս տաղին ընդմէջէն, Թութունճին կը շեշտէ, որ ծխելը սատանայավայել արարք մըն է: Ան նոյնիսկ ազգադաւութիւն կը նկատէ ծխելու մոլութիւնը, որ յարիր չէ քրիստոնեայ մարդուն: Ան կ՛ազդարարէ, որ ան, որ չէ ձերբազատած այդ զազրելի սովորութենէն, չ՛ունենար Աստուծոյ թողութիւնն ու երկնային արքայութիւնը: Ան կը համոզէ ծխողը՝ իր արարքի ունայնութեան եւ անբարոյականութեան, խորհուրդ կու տայ ծխախոտի համար ծախսած դրամը բաշխել որբերուն: Կոչ կ՛ընէ, կը համոզէ, կը խնդրէ ծխողներէն՝ ձգել ծխելը եւ ուրիշներն ալ չվարակել այդ պիղծ սովորութեամբ: Խիստ կերպով կը դատապարտէ ծխելն ու այդ անմարդկային մոլութեան գերի դարձածները:
Թութունճի ունի նաեւ նմանօրինակ տաղ մը՝ «Պատմութիւն՝ Պիղծ Թութունի» խորագիրով, որ նոյնանման ոճով եւ պարունակութեամբ գրուած տաղ մըն է: Ան մեզի հասած է 1701էն: Կը մէջբերեմ բաժիններ մը այդ տաղէն. - Է՜ քրիստոնեայք, ականջ արէք,
Տեսէք թէ ինչ պիղծ է թութուն,
Դրամ կու տան, ձգեն ի կրակն,
Վնաս առնեն իւրեանց հոգոյն: - Չպուխ ղալիոն է զարդարած,
Դրած բերնին, լափեն քան զշուն,
Խմեն հանեն զծուխն ի բերնէն,
Քթէն, յաչացն, յականջներուն: - Զծուխն բալան-բալան հանեն,
Հրեշտակք հեռանան ի հոտոյն,
Սլանան, ելանեն յերկինս,
Գանգատ առնեն Աստուածորդւոյն: - Մարդ կայ թութունի է պաքրի,
Յօրն խմէ ղալիոն յիսուն,
Զծուխն կլանէ, գնայ յորովայն,
Անդէն փոխէ դարձեալ քան զշուն: Թութունճի հայ իրականութեան մէջ հաւանաբար եղած է առաջինը, որ գրած է ծխախոտի մոլութեան (addiction) մասին: Ան 360 տարի առաջ գրած է ժողովրդային-հանրային առողջապահութեան (public health) մասին, որ աննախընթաց է:
Կը կարծուէր որ Թութունճին եղած է առաջինը, սակայն 17րդ դարէն ունինք տաղ մը եւս, «Վասն Թութունի» խորագիրով, որ լոյս տեսած է «Ոսկեփորիկ»ին մէջ, ոչ ուշ քան 1673ին: Հեղինակը անյայտ է: Բովանդակութիւնն ու ոճը կը նմանին Թութունճիի տաղերուն: Ահաւասիկ բաժին մը այդ տաղէն. - Շատ մարդ հպարտ նորա սիրոյն,
Զապրանքն կեր կու տայ հըրոյն,
Գողնայ ի տանէն եւ գնէ թութուն,
Երթայ խմէ հետ շներոյն: - Ծուխ կու հանեն ի քթերոյն,
Որպէս զոհ օձ ի բերանոյն.
Վա՛յ հազար նոցա հոգոյն,
Որ կատարեն զկամքն դիւոյն: - Ոմանց նստին ի մէջ սեղանոյն,
Յառաջ բերեն նոքա զթութունն,
Յօժար խմեն հետ քըթերուն,
Բերնով շնան հետ այլազգոյն: Գրիգոր Վարագեցին 17րդ դարու վերջաւորութեան Վանի մէջ «Հակածխախոտային Պայքար Վան-Վասպուրանի Մէջ» աշխատասիրութեան մէջ գրած է «Սակս Ծուխ Քաշողաց» տաղը, որ կը նմանի վերոնշեալ տաղերուն, թէ՛ ոճով, թէ՛ բովանդակութեամբ եւ թէ նպատակով: Ահաւասիկ բաժին մը այդ տաղէն.
Ոմանք սովոր են ի թութուն, եւ հետեւող այն պիղծ գործոյն.
Վնաս կ՛առնեն իւրեանց հոգւոյն, հաց մի չունին ի յիւրեանց տուն.
Փող մի չունին որ տան հոգոյն, երթան պարտեօք գնեն թութուն.
Յօժար խմեն հետ թուրքերուն, զմոխիրն տան յիւեանց գլխոյն.
Կամաւ լինեն ընկեր դիւուն, եւ կեր լինեն անքուն որդուն: 17րդ դարու կէսերուն Ակոբ Սսեցի գրած է տաղ մը՝ «Վասն Պախարակելոյ Օրինազանցիցն», ուր շարք մը հակահասարակական եւ հակաօրինական արարքներու կողքին, կը խօսի նաեւ թմրամոլութեամբ եւ ծխամոլութեամբ տառապողներու մասին եւ կը մատնանշէ այն իրողութիւնը, որ որքան պախարակելի է անոնց արարքը: Ահաւասիկ քանի մը տող անոր տաղէն. - Զականջդ բաց, զբանս լսէ,
ի միտ առ, ի թուղթ գրէ,
Թէ ինչ եղաւ ի Հայոց մեծէ.
Ա’յ Հայոց ազգ, հայիֆ սէնի: - Դաւթեայ առածն կատարեցաւ,
Ճշմարտութիւնն նուազեցաւ,
Սուտ եւ եալանն առաջ ընկաւ.
Ա’յ խաբեբայ, հայիֆ սէնի: - Աֆիոն կլնուն, թութուն խմեն
Եւ զաղ ու հացն ապականեն,
Ո’չ կու վախեն, ո’չ կամաչեն.
Ութանմազլար, հայիֆ սէնի: Մեզի հասած է նաեւ այլ տաղ մը՝ 17րդ դարէն շատ առաջ: Կը մէջբերեմ այդ տաղէն հետեւեալ բաժինը.
Ասեն՝ տաք դեղ կորստեան
Ապականիչ մարդկան հոգւոյն,
Յանես յամրես դրախտ կ’ասեն,
Անդ տնկեցին, եղեւ թութուն:
Սերմանեցին զչար սերմն աշխարհիս,
Ակնատ է ցեց մարդկան հոգւոյն: Աշխարհականքն զայն տեսանեն,
Համարձակեալ յարին ի նոյն,
Ասեն՝ երէցն կարդացող,
Մենք եմք անգէտ, նա է գիտուն:
Նա է հովիւ, մեք եմք ոչխար:
Նա որ չասէ, թէ մեղք է սա,
Մեզ ինչ փոյթ է այդ բաներուն:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
- «Աղթամարի Կաթողիկոսներ, Յովհաննէս Բ. Թութունճի».
- Անուշ Թրուանց, «Պատմութիւն՝ Պիղծ Թութունի», «Բագին», Պէյրութ, Յունիս, 2008.
- Էմմա Բաղիրեան, «Պայքար Հայաստանի Ազատագրության Համար»․
- Գրիգոր Վարագեցի, «Սակս Ծուխ Քաշողաց, Հակածխախոտային Պայքարը Վան-Վասպուրականում», «Դիւան Հայոց Պատմութեան», Ժ.
- «Կ. Պոլսոյ Պատրեարքութիւն, Գաւազանագիրք Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան, Յովհաննէս Թութունճի (1663 -1667)».
- «Հայազգ, Հանրագիտարան, Յովհաննէս Թութունճի».
- Յակոբ Սսեցի, «Վասն Պախարակելոյ Օրինազանցիցն», AUA․
- «Ոսկեփորիկ», «Այն մասին, որ դեռևս 17-րդ դարում հայ գրականութիւնն անդրադառնում էր թութունի վնասակարութեանը», Դիմատետր, 3 Million Magazine, 29 Սեպտեմբեր 2018.
- Էլինա Սիմոնեան, «Հայկական Դիւանագիտութիւնը 17րդ Դարում», Երեւան, 18 Սեպտեմբեր 2020.
- Վրէժ Վարդանեան, «Յովհաննէս Թութունճին Եկեղեցական Եւ Դիւանագէտ, (XVII դ. Երկրորդ Կէս»), «Պատմաբանասիրական Հանդէս», Երեւան, 2011.
- «Վիքիպեդիա», «Յովհաննես Թութունճի».
- Armenian, Haroutune K., Public Health: Armenian Perspective, July 18, 2005 (personal communication).
- Armenian, Haroutune, and Karapetian, Merujan, Hovhannes Tutunji, (1630-1703) and “The Story of filthy tobacco”, draft, September 19, 2007 (personal communication).
- Armenian, Haroutune, Hovannes Tutunji (personal communication), September 2023.
- AUA library, Yerevan, Յովհաննէս Թութունճի, «Է’ քրիստոնեայք, ականջ արէք».
- Sahagian, Hasmig, “Armenian Poetry of the Late Middle Ages (XVI-XVII centuries)” Volume 2, Yerevan, 1987.