
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս». – Հրանդ Տինքի խմբագրապետութեան շրջանէն այս կողմ շարունակուող արդար պահանջ մըն է փոքրամասնութիւններու պատկանող թերթերու պետական Մամուլի ծանուցումի խորհուրդէն պետական ծանուցումներու եւ գովազդներու համար բաժին ստանալը։
Երկար տարիներ յամառ անտեսումէ ետք, պետական այս հաստատութիւնը վերջապէս լսեց այյս պահանջը եւ փոխանակ ծանուցում եւ գովազդ տալու, նախընտրեց որոշ ամբողջական գումար մը յատկացնել հայկական՝ «Մարմարա», «Ժամանակ», «Ակօս» եւ «Փարոս», յունական՝ «Ափոյեւմաթինի» եւ «Իխօ» եւ հրէական՝ «Շալոմ» թերթերուն։
Նախապէս տարեկան հերթականութեամբ փոխանցուող այդ գումարը զանց առնուած էր 2022ին եւ 2023ին։
Խորհուրդի վերջին ժողովին ընթացքին որոշում տրուեցաւ 2024ին համար 300 հազար թրքական լիրա (մօտաւորապէս 9500) տրամադրել վերոնշեալ թերթերուն։
Խորհուրդը այս որոշումին համար չափանիշ կը համարէ Լօզանի դաշնագիրին մէջ նշուած փոքրամասնութիւններու Պոլսոյ մէջ հրատարակած թերթերը։
Նշենք որ պատմական սխալ ընկալում մըն է երկրի փոքրամասնութիւնները միայն հայ, յոյն եւ հրեայ սահմանելը, որովհետեւ Լօզանի դաշնագիրին մէջ ազգային շեշտադրութիւն մը չէ նշուած։ Այնտեղ շեշտադրումը կը կայանայ «ոչ մահմետական» եզրին շուրջ։ Այդ ընկալումով, ասորիներու «Սապրօ» թերթը եւս մաս պէտք է կազմէ փոքրամասնութիւններու մամուլին, բայց անհասկնալի կերպով այս վերջինը զանց կ՛առնուի պաշտօնական գետնի վրայ։
Գալով տրամադրուած գումարին, ի դէմ ահռելի սղաճին, անիկա 2021ին տրամադրուած գումարին հաւասար է։