Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ, իր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումներու աւարտին, երրորդ երկիրներուն կոչ ուղղեց ՝ չխանգարելու Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող ջանքերը։
«Ղարաբաղի գրաւման աւարտով տարածաշրջանին մէջ կարելիութիւններու պատմական պատուհան մը բացուեցաւ: Զայն չփակելը շատ կարեւոր է: Հայաստան պէտք է գնահատէ այս գործընթացը: Երրորդ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ՝ դրական քայլերու ձեռնարկելու այս ուղղութեամբ, եւ ոչ թէ թունաւորելու այս գործընթացը», նշեց Էրտողան։
Ան շեշտեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնագիրի կնքումը կրնայ հեռանկարներ բանալ ամբողջ տարածաշրջանին համար՝ աւելցնելով, որ այդ գործընթացին մէջ իրենք միշտ Ատրպէյճանի կողքին պիտի ըլլան։
Հանդիպումներու աւարտին, Ալիեւ անգամ մը եւս հրապարակաւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ` ղարաբաղեան հարցին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար, անթաքոյց գոհունակութեամբ խօսելով հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ Անգարայի աճող դերակատարութեան մասին: «Թուրքիա այսօր մեր տարածաշրջանին մէջ կայունութեան, խաղաղութեան եւ համագործակցութեան երաշխաւորն է», յայտարարեց Ալիեւ՝ շեշտելով, որ իր երկիրը երբեք պիտի չմոռնայ այն «եղբայրական աջակցութիւնը», զոր Թուրքիա ցուցաբերեց այս հարցին մէջ:
«Երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմին իբրեւ արդիւնք՝ մեր առանց այդ ալ զարգացած յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացան», ըսաւ Ալիեւ՝ Անգարայի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ առանցքային նկատելով յատկապէս ռազմական համագործակցութիւնը:
Խօսելով Ղարաբաղի մասին` Ալիեւ դարձեալ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան այլեւս պիտի չհանդուրժէ չվերահսկուող շրջաններ իր տարածքին մէջ։ «Ղարաբաղի մէջ կատարուած հակաահաբեկչական գործողութիւնը ամբողջութեամբ վերականգնեց մեր երկրի ինքնիշխանութիւնը: Այսուհետեւ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ անջատողական ուժերը երբեք չեն կրնար գործունէութիւն ծաւալել», պնդեց Ալիեւ: