ՀՌՈՄ, ՄԱՏՐԻՏ, «Ռոյթըրզ».- Անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի դարձի մրցումը՝ ախոյեան «Ռէալ Մատրիտ»ի եւ բաժակակիր «Սեւիլլա»ի միջեւ:
Դարձի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Մատրիտ մէջ, «Սեւիլլա» անգամ մը եւս իր գերակայութիւնը փաստեց 5-3 արդիւնքով համոզիչ յաղթանակ մը արձանագրելով: Երթի մրցումին «Սեւիլլա» 1-0 յաղթանակ մը ապահոված էր:
Այս յաղթանակով, «Սեւիլլա» վերջին 15 ամսուան ընթացքին շահեցաւ իր հինգերորդ տիտղոսը՝ երկու անգամ «Եուէֆա»ի բաժակը, Սպանիոյ բաժակը, Եւրոպայի գերբաժակը եւ Սպանիոյ գերբաժակը:
Իտալիոյ պարագային, գերբաժակին տիրացաւ բաժակակիր «Ա. Էս. Ռոմա»ն, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Իտալիոյ ախոյեան «Ինթէր Միլան»ը:
Հակառակ իր կրած պարտութեան, «Ինթէր» այս տարեշրջանին եւս կը նկատուի ախոյեանութեան տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուներէն մէկը:
Նկարին մէջ, «Ա.Սէ. Ռոմա»ի մարզիկները կը տօնեն իրենց յաղթանակը: