
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միւնիխի Ապահովութեան համաժողովի ծիրին մէջ, Ուրբաթ օր հանդիպում մը ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ գաղտնի հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Ռիչըրտ Մուրի հետ:
Շարք մը այլոց կողքին Փաշինեան հանդիպեցաւ նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Մալթայի Հանրապետութեան արտաքին գործոց, Եւրոպայի եւ առեւտուրի նախարար Իըն Պորճի հետ։
Ըստ վարչապետի աշխատակազմին՝ կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն շուրջ: Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ հայկական կողմի սկզբունքներուն։
Ըստ աղբիւրին՝ շեշտուեցաւ ԵԱՀԿի գործիքակազմի արդիւնաւէտ կիրառումը՝ նպաստելու համար տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան։
Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի եւ Մալթայի միջեւ բազմաոլորտ համագործակցութեան եւ կապերու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր։
Նշենք, որ Փաշինեան մասնակցեցաւ Միւնիխի Ապահովութեան համաժողովի բացման արարողութեան, որուն ներկայ էին քանի մը տասնեակ երկիրներու նախագահներ, կառավարութիւններու ղեկավարներ եւ արտաքին գործոց նախարարներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի, ԵԱՀԿի եւ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարները եւ ուրիշներ:

