Ըստ «Թասս»ի՝ ՀԱՊԿի Միացեալ շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Անտրէյ Սերտիւքով յայտարարեց, որ ՀԱՊԿը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հակամարտութեան մագլցումի մեծ հաւանականութիւն կը տեսնէ. ան շեշտեց «իրավիճակի կարգաւորման համար խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութիւնը»:
«Որոշ պետութիւններու կողմէ Հարաւային Կովկասի մէջ դիրքերը ամրապնդելու, Կասպից ծովու աւազանի պաշարներէն օգտուելու, դէպի Կեդրոնական Ասիա ուղիղ ելք ապահովելու փորձեր կ՛արձանագրուին», ըսաւ Սերտիւքով՝ աւելցնելով, որ այդ նպատակին հասնելու համար, աշխոյժ կերպով կը զարգանայ նաեւ Հայ-Ատրպէյճան սահմանին վրայ մեծ հակամարտութեան հաւանականութիւնը:
Ան Արեւմուտքը մեղադրեց Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վրայ ազդելու փորձերուն մէջ:
«Հակառակ Հայաստանի՝ ՀԱՊԿի անդամակցութեան, դուրսէն փորձերը կը շարունակուին՝ ազդելու յետ հակամարտութեան կարգաւորման ձեւաչափին վրայ», նշեց Սերտիւքով: