
ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 9 Փետրուարին, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մօտ Գանատայի դեսպան Էնտրիւ Թըրնըրի հետ։
Տէր Խաչատուրեան շնորհաւորեց Թըրնըրը՝ նախորդ տարուան Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ գանատական դեսպանատան բացման առիթով, եւ յայտնեց, որ անիկա պիտի նպաստէ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման:
Հանդիպման ընթացքին, Տէր Խաչատուրեանի կողմէ բարձրացուած հիմնական հարցերը կը վերաբերէին Գանատայէն ակնկալութիւններուն՝ նկատի ունենալով Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններուն ճամբով Արցախի ցեղային զտումը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, յատկապէս Ատրպէյճանի սպառնալիքները, անոր կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը փաստացի ներխուժումը եւ բռնագրաւումը:
Մտահոգութիւն հնչեց նաեւ Գանատայի կառավարութեան՝ Թուրքիա ռազմական սարքերու արտածման արգելքը վերացնելու վերջին որոշման վերաբերեալ:
Հոկտեմբեր 2020ի սկիզբը, Օթթաուա կասեցուց դէպի Թուրքիա ռազմական նշանակութիւն ունեցող արտադրութեան արտածման թոյլտուութիւնները՝ մասնաւորապէս տեսողական սարքերու, զորս Թուրքիա կ՛օգտագործէր իր անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ, որոնք այնուհետեւ կ՛ուղարկուէին դէպի Ատրպէյճան եւ կ՛օգտագործուէին 2020ի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին հայերը թիրախ դարձնելու համար:
Թըրնըր վերահաստատեց իր կառավարութեան դիրքորոշումը առ այն, որ պէտք է յարգուի Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը, եւ որ Գանատա վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, որուն վկայութիւնն է Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան մասնակցելու՝ իր որոշումը՝ իբռեւ պատասխան Հայաստանի իշխանութիւններու պաշտօնական խնդրանքին, ցարդ ըլլալով միակ ոչ-Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրը, որ գետնի վրայ կը մասնակցի Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան:
Թըրնըր նաեւ վերահաստատեց, որ գանատացի արտածողներուն ծանուցուած է, որ նոր պաշտպանական արտածման համար, դիմումները կը պահանջեն հաւաստացիումներ Թուրքիայէն. անոնց մէջ կը նշուի, թէ արդեօք տրամադրուած սարքերը վերարտածուա՞ծ են երրորդ կամ ՆԱԹՕի անդամ չհանդիսացող երկիրներ, եւ արդեօք անոնք պիտի ներառուի՞ն սպառազինութեան մէջ: Գանատա պարտաւոր է՝ ներպետական օրէնսդրութեան եւ զէնքի առեւտուրի համաշխարհային պայմանագիրին համաձայն՝ կանխելու, յայտնաբերելու եւ դադրեցնելու ռազմական ապրանքներու ուղարկումը դէպի այլ չնախատեսուած շահառուներ:
90 վայրկեան տեւած հանդիպումը աւարտեցաւ երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնելով՝ շարունակելու այսպիսի հանդիպումները ապագային եւ կարելիութեան պարագային՝ համագործակցիլ փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւններով՝ տարբեր ոլորտներու մէջ ամրապնդելու Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւնները:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւ Գանատայի դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդական Ահարոն Քոու: