Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին «Ռոսիա 24»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, Մոսկուայի դերը այլընտրանք չունի: Ան շեշտեց, որ Մոսկուայի առաջադրանքն է՝ երկու երկիրները հաշտեցնել եւ խաղաղ փոխգործակցութեան որոնումներուն մէջ անոնց օգնել:
Յիշեցնելով, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցան Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման հիմերը՝ Կալուզին յայտնեց, որ Մոսկուա օգնութիւն կը ցուցաբերէ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման վերաբերեալ հարցերու ամբողջ շրջանակին մէջ: Ան նաեւ հաստատեց, որ ռուսական կողմը ունի բացառիկ նիւթեր, որոնք անհրաժեշտ են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման համար:
Կազուլին նաեւ խօսեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներուն նախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ, ներկայ ընդհանուր ըմբռնումին մասին՝ թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերականգնել երկաթուղային հաղորդակցութիւնը: «Խօսքը, մասնաւորապէս, Ատրպէյճանէն Հայաստանի Սիւնիքի մարզով դէպի Նախիջեւան երկաթուղիին մասին է: Իսկ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման պարագային, Ռուսիա Պաքուին եւ Երեւանին կ՛առաջարկէ խորհրդատուական ծառայութիւններ, որովհետեւ միայն Մոսկուա ունի բացառիկ տեղագրական համապատասխան նիւթեր», շեշտեց Կազուլին:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Մոսկուա յոյս ունի, որ Երեւան պիտի գիտակցի այն փաստին, որ Ռուիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացումն է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ամէնէն յուսալի ճամբան: Ըստ անոր՝ կարգաւորման գործընթացին մէջ արտատարածաշրջանային խաղացողները, առաջին հերթին՝ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, ներգրաւելու ջանքերը յաջողութեան չեն յանգեցներ: Արեւմտեան խաղացողներուն գործունէութեան նպատակը ոչ թէ կարգաւորման նպաստելն է, այլ՝ Ռուսիան այս գործընթացէն դուրս մղելը, Հարաւային Կովկասի մէջ ուժերու գոյութիւն ունեցող հաւասարակշռութիւնը քանդելը եւ, հետեւաբար՝ Ռուսիոյ դրացնութեամբ անկայունութեան օճախ մը եւս ստեղծելը: