Լիբանան այցելած Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան զոյգ պետերուն եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին հետ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները, յատկապէս քաղաքական եւ զինուորական մագլցումները` նկատի ունենալով Կազայի ու Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւս ընդունեց Սեժուրնէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը եւ հարաւային Լիբանանի ռազմական գործողութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Սեժուրնէ ընդգծեց հարաւային Լիբանանի մէջ հանդարտութիւնը վերականգնելու եւ զինուորական գործողութիւններուն վերջ տալու առաջնահերթութիւնը:
Ան նշեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը մաս կը կազմէ շրջան կատարած իր շրջապտոյտին, որ կը կատարուի Կազայի դէմ պատերազմը կասեցնելու եւ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու ու զայն պատերազմի վտանգէն հեռու պահելու դիւանագիտական ջանքերը շարունակելու ծիրին մէջ:
Սեժուրնէ ընդգծեց նաեւ, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը հիմնական է, որպէսզի Լիբանան կարենայ դիմանալ շրջանին վկայած հսկայական իրադարձութիւններուն:
Սեժուրնէ այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Սեժուրնէ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունի հետ: