«Ատրպէյճանական Նորելուկ Երեւոյթ Մը» խորագիրով, «Նոր Յառաջ» թերթը կը փոխանցէ հետեւեալ հետաքրքրական լուր-մեկբանաութիւնը.
«Վերջին շրջանին, օր չ՛անցնիր, որ ատրպէյճանական լրասփիւռները մեծահոգի հովանաւորութեամբ չանդրադառնան Ֆրանսայի Քորսիքա նահանգի անկախապաշտ շարժումներուն։ Այս յանկարծակի եւ նորելուկ երեւոյթը բնականաբար անմիջական կապ ունի Ֆրանսայի հետ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու լարումին հետ։ Երկրին լրասփիւռները օր մը կը գրեն, թէ զօրավիգ են անկախապաշտ քորսիքացիներուն, յաջորդ օրը կը յայտարարեն, թէ Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ Քորսիքայի ժողովուրդին եւ անոր անկախապաշտ նկրտումներուն զօրակցութեան խումբ մը կազմուած է, ուրիշ օր մը անկախապաշտ քորսիքացիի մը յայտարարութիւններուն տեղ կու տան եւ այլն, եւ այլն։ Իրադրութենէն ապատեղեակ դրսեցի ընթերցողը (քանի կրնաք ենթադրել, թէ այս ու նման լուրերը յատկապէս արեւմտեան լեզուներով կը տրուին) բոլորովին զարմանքի պիտի մատնուի, չհասկնալով, թէ նման լուրեր ի՛նչ գործ ունին այդ լրասփիւռներուն մէջ»։
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 2020ին, Քորսիքայի խորհրդարանը ընդունեց Արցախի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող եւ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ բռնարարքները դատապարտող բանաձեւ մը: