Թուրքիոյ արեւելքը պատահած երկրաշարժի առաջին տարելիցին առթով, Էրտողանին ուղղուած Ալիեւի նամակին մէջ կ՛ըսուի, թէ ինչպէս Թուրքիա Ատրպէյճանին կողքին է` «մեր երկրի թէ՛ լաւ, թէ՛ վատ օրերուն, նոյնպէս Ատրպէյճան եղած է եւ կը մնայ Թուրքիոյ կողքին»։
«Ատրպէյճան եւ Թուրքիան մէկ ազգ, երկու պետութիւն են», դիմելով Էրտողանին կ՛ըսէ Ալիեւ` ընդգծելով, որ 2023ի երկրաշարժէն ետք, Ատրպէյճանի ցուցաբերած աջակցութիւնը` «ընդմիշտ գրուած կը մնայ մեր եղբայրութեան տարեգրութեան մէջ` իբրեւ Ատրպէյճան-Թուրքիա անսասան եղբայրութեան եւ համերաշխութեան դրսեւորում»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս շեշտեց, որ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքով երկու երկիրները իրարու կողքին են թէ՛ ուրախութեան, թէ՛ տխրութեան պահերուն։