
5 Մարտին տեղի ունենալիք Քոնկրեսի, նահանգային օրէնսդիր մարմիններու, ինչպէս նաեւ գաւառային եւ քաղաքային այլ պաշտօններու նախնական ընտրութիւններու սեմին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց իր զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն ցանկը, որ կազմուած է՝ նկատի ունենալով շրջանի հայութիւնը յուզող հարցերուն հանդէպ թեկնածուներուն ունեցած կեցուածքները։
Ստորեւ՝ Հայ Դատին զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն ցանկը.
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏ (ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ)
Էտըմ Շիֆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆ (ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ)
– Ճուտի Չու (29րդ ընտրատարածք)
– Էնթընի Փորթանթինօ (30րդ)
– Պրետ Շըրմըն (32րդ)
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏ
– Իվոն Եիու (25րդ)
– Հենրի Սթըրն (27րդ)
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ
– Ճան Հայրապետեան (41րդ)
– Էլեն Ասատրեան (44րդ)
– Ճես Կապրիէլ (46րդ)
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ ԳԱՒԱՌԻ ՎԵՐԱՀՍԿԻՉՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
– Քեթրին Պարկըր (5րդ)
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
– Ատրին Նազարեան (2րդ)
– Նիթիա Ռաման (4րդ)
– Ճան Լի (12րդ)