
«Անին Ու Դանին»՝ մանկական դաստիարակչական շարժանկարը, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ցուցադրուի 18 Փետրուարին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ։
Ցուցադրութիւնը նախաձեռնած է Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը։
Այս ֆիլմը բաղկացած է քանի մը կարճ պատմութիւններէ, որոնք մանուկներու վախերը եւ խնդիրները կը փորձեն յաղթահարել։ Անիկա հանդէս կու գայ երաժշտութիւններով եւ վառ գոյներով, որոնք շատ գրաւիչ են բոլոր մանուկներուն համար։
Փորձառու մանկական հոգեբաններու ներդրումով պատրաստուած այս Ֆիլմը ցոյց կու տայ մանուկներուն՝ ինչպէս դառնալ աւելի համարձակ, գիտակից եւ անվախ։ Գլխաւոր կերպարները՝ Անին եւ Դանին, օրինակ կը ծառայեն մանուկներուն՝ իրենց դրական յատկանիշներով։
Այս ֆիլմին մտայղացման հեղինակը Արթուր Մուրադեանն է, իսկ բեմադրողը՝ Արթուր Միքայէլեան, որ ծանօթ է իր «Անբան Հուրին» ֆիմով, որ մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Թումանեանի հեքիաթին վրայ հիմնուած «Անբան Հուրին» ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը նախաձեռնած էր Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղը, ներկայութեամբ Արթուր Միքայէլեանի։
«Անին Ու Դանին» ֆիլմին բացումը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 1 Յունիս 2023 ին։
Կլենտէյլի ցուցադրութեան ներկայ գտնուելու համար, տոմսեր կարելի է ապահովել TicketMicket կայքէն կամ հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին՝ (818) 265-0506։ Ձեռնարկին տոմսերու գինը 20 տոլար է։
«Ուրախ ենք, որ այս ձեռնարկը կը զուգադիպի մեր շատ սիրելի Ամենայն Հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 155րդ ամեակին եւ ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ նշուող գիրք նուիրելու օրուան հետ», ըսաւ կազմակերպիչ յանձնախումբէն Ալին Պզտիկեան Շիրաճեան՝ աւելցնելով. «Հետեւաբար, այդ օր պիտի վաճառուին նաեւ Թումանեանի եւ այլ հեղինակներու գիրքեր»։