Եւրոպական ընտրութիւններէն քանի մը ամիս առաջ, Գերմանիոյ մէջ նոր քաղաքական կուսակցութիւն մը յայտնուած է՝ «Տավա» անունով, որ թրքերէն կը նշանակէ «դատ», եւ կը պնդէ, որ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորած AKP-ի մէկ թեւը: «Տավա»ն հիմնուած է Գերմանիոյ՝ 83 միլիոն ընդհանուր բնակչութեան մէջ շուրջ 3 միլիոն հաշուող թրքական համայնքի անդամներուն կողմէ:
Կուսակցութիւնը կը յայտարարէ, որ ինք կ՛ուզէ պաշտպանել Գերմանիոյ մէջ թուրքերու շահերը, բայց նաեւ ամրապնդել կապերը Անգարայի եւ Պերլինի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ։ «Տավա»ն գերմանական աւանդական կուսակցութիւնները կ՛ամբաստանէ թուրքերու նկատմամբ խտրականութիւն դրսեւորելու եւ Թուրքիոյ թշնամիներուն՝ քիւրտերուն կամ կիւլէնականներուն աջակցելու մեղադրանքով։ Անիկա նաեւ կը շեշտէ, որ ինք դէմ է ծայրայեղ աջերուն եւ իսլամատեացութեան: Նորահաստատ կուսակցութիւնը յոյս ունի աթոռներ շահելու Եւրոպական խորհրդարանին եւ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ, յոյսը դնելով թուրք ընտրողներուն վրայ, որոնք հիմնականին մէջ զօրավիգ են Էրտողանին եւ անոր վարած քաղաքականութեան։
Կուսակցութիւնը անվստահութիւն կը յառաջացնէ գերմանական իշխանութիւններուն մէջ, որոնք մտավախութիւնն ունին, որ անիկա որպէս լծակ պիտի ծառայէ Եւրոպայի մէջ Էրտողանի ազդեցութեան ծաւալումին։ Անոնք նաեւ այն մտավախութիւնը ունին, որ անիկա պիտի նպաստէ գերմանական հասարակութեան մէջ պառակտումներու խորացման:
«Տավա»ն էրտողանամէտ միակ կուսակցութիւնը չէ Եւրոպայի մէջ։ Ֆրանսայի մէջ 2015ին ստեղծուած է «Հաւասարութեան, արդարութեան կուսակցութիւն»ը։ Պելճիքայի մէջ եւս կայ 2012ին հիմնուած «Իսլամ» կուսակցութիւնը։