ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Նոր դարաշրջան, նոր մօտեցումներ, նոր կարիքներ, նոր ծրագիրներ… եւ մասամբ նորին:

Աւանդապաշտ ժողովուրդներու եւ ազգերու մէջ յաճախ մտածուած, արտասանուած եւ արմատացած են նոյն յանկերգները՝ կեանքի, ծնողներու, զաւակներու եւ կամ դաստիարակութեան արժէքներու եւ հիմքերուն մասին:
Այսպէս, ընդունուած աւանդական մտածողութիւն էր, թէ «ընտանիքն է անհատին կրթութեան անմիջական կռուանը», «ընտանիքն է հայելին՝ երախային», «ընտանիքն է հիմքը դաստիարակութեան», վերջապէս ընտանիքն էր արժեհամակարգը մեր արարքներուն…:
Թէեւ, աւանդական մտածողութիւն եւ աւանդապաշտ հաւատամք էին, նման մտածողութիւններն ու արտայայտութիւնները, սակայն եւ շատ իրական, ճշգրիտ ու գործնական մինչեւ միջին սերունդի մեր ներկայացուցիչներուս համար… յետո՞յ… Փոխուած են ըմբռնումները:
Այսօր, որոշակիօրէն դաստիարակութեան հիմքերն ու գործօն ազդեցութեան չափանիշները մեծաւ մասամբ փոխուած եւ կամ տեղաշարժուած եւ զիջած են իրենց առաջնահերթութիւնը այլ գործօններու եւ կամ ազդակներու, որպէս հիմնական աղբիւր եւ կամ հիմնական առարկայ:
Վերոյիշեալ տողերուս դրդապատճառը դարձած մտածումս արտայայտեմ՝ բացայայտ ու յստակ:
Այսօր, օտար ափերուն մէջ սփռուած եւ կայք հաստատած ու տակաւ հաստատուող հայկական «հոսք»ը Սփիւռքի լայնածաւալ տարածքին, կեանքի քառասմբակ ներկայ պայմաններուն մէջ գտնուած առօրեայ պարտաւորութիւնները բազմազան են, իսկ ժամանակը կարճ ու նեղ:
Այս բոլորին կողքին, ազգային գետնի վրայ, մեր ժողովուրդի պահպանման ու գոյատեւման անմիջական կարիքներով եւ բացթողումներով, ժամանակի անսահմանութիւնը սահմանփակուած է արդէն իսկ, յատկապէս այս արագընթաց դարաշրջանի թաւալումին եւ փոփոխութեան մէջ:
Առ այդ, կեդրոնանալով մեր նոր սերունդի, հայապահպանման, անհրաժեշտ եւ սրբազան աշխատանքին վրայ, որը այսօր, ո՛չ միայն դպրոցական սահմաններով առաջնահերթ առաքելութիւն մը դարձած է, այլ նաեւ համազգային առաջնակարգ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ եւ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ պէտք է ըլլայ:
Եթէ անցեալին, ընտանիքն էր առաջին հիմքն ու գլխաւոր ազդակը երախայի կրթութեան, գիտութեան, մարդկային արժէքներու եւ վարք ու բարքի փոխանցման աղբիւրը, առաւել եւս հայեցի դաստիարակութեան հիմքը… այսօ՛ր տեղաշարժի ենթարկուած է ամէն բան եւ ամէն մօտեցում եւ որպէսզի մեր համազգային առաջնահերթ մտահոգութիւնը դարձած ձուլման վտանգն ու վտանգաւոր խախտումներու «մեծ» դռները լայն ու դիւրին չբացուին՝ յատկապէս օտար ափերու մէջ հասակ նետող եւ ձեւաւորուող մեր նոր սերունդի շարքերուն մէջ, թոյլ տուէք անկեղծ արտայայտուելու, թէ այսօր ընտանիքը, ծնողներ, «թեւաթափ» եղած են այս դժուարին պարտականութեան դիմաց. ո՛չ թէ, որովհետեւ իր փոյթը չէ, այլ իր կեանքի առօրեայ պայմաններուն հետ կապուած ժամանակը «սուղ» եւ «նեղ» է: Այսպէս ուրեմն, այս պայմաններու հեւքին մէջ, նորահաս պատանիին միակ կռուանն ու դաստիարակը դարձած է՝ Հայ դպրոցն ու Հայ ուսուցիչ-դաստիարակը… առ այդ, դպրոցները արդարօրէն կոչուած ու ընդունուած են՝ «կրթութեան եւ գիտութեան կաճառ» եւ ոչ թէ՝ «գիտութեան եւ կրթութեան կաճառ»:
Հայ դպրոցին ծանօթ եւ մօտիկէն հետաքրքրուող եւ կամ անմիջական շփման մէջ եղող անհատներ, յատկապէս ծնողներ, հարազատ ականատեսներն ու հաստատողներն են՝ Հայ ուսուցիչի զոհողութեան, նուիրումին եւ գործած մարդկային «հրաշք»ներուն… Ի դէպ, «արեւի լոյսին տակ» երեւցող նուիրումին եւ զոհողութեան մասին երկար խօսելու անհրաժեշտութեան փոխան, շեշտը կ՛ուզեմ դնել Սփիւռքի մէջ կրթութեան հիմնաքար դարձած, հայկական դպրոցներու գոյութեան պահպանման, յարատեւ բարեկարգման, առաւել կայունացման եւ նորերու ստեղծման՝ յատկապէս Սփիւռքի տարածքին, առաջնահերթ պարտաւորութեան:
Այսպէս, հայկական Սփիւռքի տարածքին, պէտք հայկական վարժարաններու անհամար գոյութիւնն ու անոնց գործօն ներկայութիւնը լաւագոյնս ապահովենք, յատկապէս հետեւեալ գլխաւոր պայմաններով․ առաջին հերթին՝ համեստ կրթաթոշակներով եւ նիւթական համեստ ակնկալիքներով դպրոցներ բանալ, ուր նաեւ ընկերային, մարդկային եւ համամարդկային ու յատկապէս հայեցի արդար դաստիարակութեամբ օժտուելու փայլուն առիթը կ՛ընծայուի՝ ազգային հնոց եւ դարբնոց յաճախող հայ մանուկին:
Ա՛յս պէտք է համարուի ներկայիս, առաւել այժմէական եւ անհրաժեշտ կռուանը մեր, յատկապէս վերջին շրջանին մեր ժողովուրդի ապրած համազգային խարխափումներուն հետ առնչուած դժուարին եւ առաւել յուսահատական պարագաներուն հետ զուգահեռ…:
Ազգովին, շա՜տ մտածեցինք ու շա՜տ խօսեցանք… Սակայն ներկայ պահը, առաւել գործնական եւ ամրակուռ կամքով գործելու եւ յառաջանալու ոգին կը պահանջէ մեզմէ՝ իւրաքանչիւր անհատէ, միութենէ, կազմակերպութենէ թէ զանազան հիմնարկներէ:
Առ այդ՝ բազմապատկել հայկական վարժարաններու թիւը, բարելաւել տեղական մարդուժի պայմաններով եւ վերջապէս՝ ի գին մեր համազգային փրկութեան եւ վերելքին, պատրաստել նոր սերունդի ներկայացուցիչներէ բաղկացած՝ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցիչ-դաստիարակներ:
Այսպէս, ակնկալուած եւ սպասուած «պայմաններ»ը զարգացնելով յառաջացնել եւ քաջալերել սերունդը՝ հայ ուսուցիչ դառնալու գրաւականին, որպէսզի անոնց «նախորդներ»ը, բնականաբար իրենց պարտադրուած հանգստեան կոչին կառչած… հանգիստ «քուն մտնեն»:
Յարգա՛նք քեզ հայ ժողովուրդ,
Յարգա՛նք անցեալիդ եւ «տակաւ» ներկայ տառապանքներուդ, զոհողութիւններուդ․ քաջ գիտակցելով, որ ներկայ պայմաններով իսկ հարկաւոր է ամրակուռ պահել ազգը, երբ Սփիւռքի տարածքին կը հաստատենք՝ անթիւ ու անհամար հայկական դպրոցներ եւ դէպի հոն յաճախելու «դիւրամարս» հնարաւորութիւններով, անթիւ դիմումնագրեր՝ աշակերտական եւ նորահաս հայ ուսուցիչներու նորանոր փաղանգ մը…: Ահա այն ատեն կրկի՛ն՝ յարգա՛նք մեզ, ազգովին: