ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Մարդկութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին, շատ բան գրուած է նուաճող բանակներու արշաւանքներուն, յաղթանակներուն, կատարած ջարդերուն, պարտուած երկիրներուն վրայ իրենց տիրապետութիւնը երկար ժամանակ պարտադրելնուն եւ նոյնիսկ, երբեմն, անոնց նուաճուած երկիրները զարգացնելնուն մասին: Պատմութեան գիրքերը եւ անհամար գեղարուեստական վէպերը հասանելի են բոլորին: Նուազ ծանօթ է իրենց տիրապետութեան տակ յայտնուած երկիրներու ժողովուրդներուն վրայ անոնց ձգած ուղղակի կամ անուղղակի մշակութային, քօղարկուած կամ բացայայտ, ազդեցութիւնը, զոր կրնանք կոչել «մշակութային գաղութատիրութիւն», երբ բիրտ ուժի կիրառումով՝ ոչ միայն տարածքներ կը գաղութացուին, այլ՝ միտքեր, աւանդութիւններ եւ կենցաղներ:
Մշակութային գաղութատիրութեան կիրառման եւ անոր ազդեցութեան մարդկութիւնը ականատես եղած է բոլոր ժամանակներուն, նախնադարեան ժամանակներէն սկսած մինչեւ ներկայ ժամանակները, բոլոր ցամաքամասերուն վրայ:
Աւստրալիական ցամաքամասի բնիկ ժողովուրդը, որ տասնեակ հազարաւոր տարիներ ապրած էր հոն՝ իրեն յատուկ աւանդութիւններով եւ սովորութիւններով, խօսած էր ի՛ր լեզուով եւ պահած ի՛ր մշակոյթը, 1788ին անգլիացի ծովագնաց Ռապըրթ Քուքի (Robert Cook) արշաւախումբին ցամաքահանումով՝ զրկուեցաւ ոչ միայն իր անկախութենէն, այլ նաեւ դարձաւ եկուորներուն հպատակ: Այսօր, անոնք այդ հսկայ ցամաքամասի ժողովուրդին չնչին մէկ տոկոսը կը կազմեն եւ ստիպուած են հաղորդակցիլ իրենց համար օտար՝ անգլերէնով:
Անգլիացիները նուաճեցին Հնդկաստանը, կողոպտեցին անոր հարստութիւնը, ընդերքը, շահագործեցին աշխատոյժը, հարստացան Հնդկաստանի աղքատացման հաշուոյն, պարտադրեցին անգլերէնը, այնքան՝ որ այսօր այդ լեզուն դարձած է հնդկերէնին համահաւասար պաշտօնական լեզուն:
Անգլիացիներու Հիւսիսային Ամերիկա հաստատուելով եւ զայն գաղութացնելով՝ տեղացի բնիկները բնաջնջման ենթարկուեցան, իսկ վերապրողներուն համար, պաշտօնական լեզուն դարձաւ անգլերէնը, օրէնքները եւ մշակոյթը՝ ամերիկեանը: Նոյնը Հարաւային Ամերիկայի համար, ուր սպաներէնը եւ սպանական մշակոյթին ազդեցութիւնն են տիրապետողը, իսկ Ափրիկէի եւ միջինարեւելեան երկիրներուն համար՝ անգլիական, ֆրանսական, հոլանտական եւ պելճիքական ազդեցութիւնները եւ մշակոյթները:
Կարելի է երկար գրել առանձին երկիրներու կրած տարբեր եւ բազմաթիւ օտար ազդեցութիւններուն մասին, սակայն եզրակացնելով՝ կը հասկնանք, որ գաղութատիրոջ պարտադրուած լեզուն, աւանդութիւնները, կենցաղը, արժէքները եւ սովորութիւնները մշակութային գաղութատիրութեան հետեւանքներէն են:
Գաղութատէրը իր տիրապետութիւնը յաւերժացնելու համար, անխուսափելիօրէն պիտի դիմէ իր ենթակայութեան տակ յայտնուած երկրին կրթական ծրագիրը փոխելու եւ իր սեփականը ներմուծելու քաղաքականութեան, որուն մէջ լեզուն, պատմութիւնը եւ գաղափարախօսութիւնը ամէնէն կարեւորներէն են։ Ասոնց հետեւանքը մէկ կամ երկու սերունդ ետք պիտի ըլլայ պարտադրուած լեզուին համայնացումը՝ ի վնաս տեղական լեզուին եւ մշակոյթի տարբեր դրսեւորումներու նահանջը:
Հայաստան աշխարհը դարերու ընթացքին եղած է օտար, ներխուժող պետութիւններու տիրապետութեան տակ, ինչպէս՝ Պարսկաստանի, Բիւզանդիոնի, արաբներու, սելճուքներու, թուրքերու եւ ուրիշներու, որոնք անխուսափելիօրէն պարտադրած են իրենց լեզուն, մշակոյթը, երբեմն կրօնքը եւ յարանուանութիւնը:
1828 ին, Արեւելեան Հայաստանի՝ ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ անցնելուն պատճառով, ռուսերէնը ստացաւ առաջնակարգ կարեւորութիւն, իսկ Սովետական Միութեան օրերուն, ճիշդ է որ երկիրը հասաւ զարգացման մինչ այդ աննախընթաց մակարդակի, սակայն, տիրապետող եղան ռուս լեզուն, մշակոյթը եւ որոշ չափով նոյնիսկ բարքերը: Անվերապահօրէն պէտք է ընդունիլ, որ ակադեմական լեզուն ռուսերէնն էր:
1991ին, Հայաստանի անկախացումով, հայերէնը մասնակիօրէն վերագտաւ ինքզինք, դպրոցներու մէջ հայերէնով դասաւանդումը դարձաւ պարտադիր, սակայն, ռուսերէնը մնաց իբրեւ երկրորդ կարեւոր լեզուն, երբ աշխարհի ամբողջ տարածքին եւ նոյնիսկ Ռուսիոյ դպրոցներուն մէջ այսօր, անգլերէն կը դասաւանդուի՝ իբրեւ պաշտօնական լեզուէն ետք կարեւոր լեզու մը:
Ռուս-ուքրանական պատերազմին բռնկումէն ետք, բազմաթիւ պատճառներով, Հայաստան տեղափոխուեցան, ըստ կարգ մը ոչ-պաշտօնական տուեալներու, 100,000ի հասնող ռուսեր, որոնք ընդհանրապէս արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացած երիտասարդներ են, սակայն կայ նաեւ մաս մը, որ կ՛աշխատի ճաշարաններու մէջ, իբրեւ սպասարկող, հաւաքարար եւ նոյնիսկ տնօրէն-սեփականատէր: Ոչ մէկ անբնական բան կայ ցարդ, բացի երեւոյթէ մը, որ ակնառու է եւ տհաճ: Ռուսերը Հայաստանի մէջ տեղացիներուն հետ կը հաղորդակցին միայն ռուսերէնով։ Մէկ կողմէ հայերուն այդ լեզուի իմացութեան, միւս կողմէ նաեւ հայերուն օտարամոլութեան պատճառով, երբ նոյն այդ ռուսերը տարրական հայերէն սորվելու ոչ մէկ ճիգ ընելու հարկադրանքը չեն զգար, մինչ նոյնը չէ Թուրքիա տեղափոխուածներուն պարագային, կամ վստահօրէն կարելի է ըսել Վրաստան, կամ այլ երկիրներ հասնողներուն պարագային:
Վրաստանի մէջ, պետութիւնը ռուսերէնի ուսուցումը կրթական ծրագիրէն բոլորովին ջնջած է։ Անիկա միայն ընտրովի է (elective), իսկ երկրին մէջ իրենց բարձրագոյն աստիճանին են հակառուսական զգացումները, որոնք բացայայտօրէն կը դրսեւորուին քաղաքներու պատերուն եւ ամէնուրեք երեւցող հակառուս նշանախօսքերով: Այնտեղ, հին սերունդը տակաւին որոշ չափով գիտէ ռուսերէն, իսկ երիտասարդ սերունդին մօտ այդ մէկը բոլորովին չքացած է՝ իր տեղը տալով անգլերէնի իմացութեան: Կրթական ծրագիրով եւ այլ միջոցառումներով, վրացիները կը փորձեն իրենց երկիրին մշակութային գաղութատիրութեան վէրքերը ամոքել եւ սպիացնել: Անոնք երբեք չեն հաշտուած Աբխազիոյ եւ Օսէթիոյ տարածքներուն կորուստին եւ Ռուսիոյ ռազմական ներխուժման հետ:
Հայաստանի պարագային, ըստ էութեան եւ երեւոյթին, մշակութային գաղութատիրութեան անցեալի երեւոյթը տակաւին կը յամենայ եւ կը շարունակուի: Անհրաժեշտ չէ անպայման հակառուս զգացումներ տածել անոնց նկատմամբ, ոչ ալ ըլլալ ազգայնամոլ. պարզապէս պէտք է յարգել մեր իսկ անկախութիւնը, լեզուն եւ օտար լեզուներու կարեւորութիւնը եւ զանոնք ընտրելու ազատութիւնը։ Իսկ երկիրին մէջ ապաստան գտնողները պէտք է գիտակցին, որ իրենք օտար երկիրի մը մէջ կեցութեան իրաւունք ձեռք բերելով՝ պարտաւոր են այդ երկիրին լեզուով հաղորդակցիլ, ինչպէս հոս ապաստան գտած հնդիկները, արաբները կամ այլ ազգիներ, ինչպէս բոլոր այն ազգերը որոնք արտագնայ աշխատանքի համար հասած են Ռուսիա, Ամերիկա, կամ որեւէ այլ երկիր:
Հայաստան ազատ եւ անկախ երկիր է… իսկ պետական լեզուն՝ հայերէնն է: