ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- ԵՈՒՆԵՍՔՕի գործադիր խորհուրդի միաձայն որոշումով, Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւնները արձանագրուած են կազմակերպութեան աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ:
Լուրը հաղորդեց Կոմիտասի թանգարանի տնօրէն Նիկոլայ Կոստանդեան՝ նշելով, թէ այս իրադարձութիւնը կը համընկնի թանգարանի հիմնադրութեան իննամեակին հետ:

«Այս ընդգծելի արձանագրութիւնը կարելի եղած է թանգարանին՝ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարզանքի (ԿԳՄՄ) եւ արտաքին գործոց նախարարութեանց հետ 7-8 տարի մեծ աշխատանքի եւ համագործակցութեան շնորհիւ», ըսաւ ան:
Իր կարգին ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան նշեց, որ այսպիսի հոլովոյթներ կը պահանջեն մնայուն եւ հետեւողական աշխատանք՝ տարբեր գերատեսչութիւններու ընդգրկումով: Ընդգծելով նորագոյն արհեստագիտութիւններու կիրարկման կարեւորութիւնը՝ ան յայտնեց, թէ շատ ուրախալի է, որ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը կը միանայ այն թանգարաններուն, որոնք օգտագործելով նոր արհեստագիտութիւնները՝ կարելիութիւն կ՛ընձեռեն այցելուներուն, յատկապէս մանուկներուն, նոր ձեւով բացայայտելու Կոմիտասի աշխատասենեակը:
Իր կարգին, արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան հաղորդեց, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕի յիշողութեան տոմարին մէջ արձանագրուած են բացառիկ արժէք ներկայացնող փաստագրական նմուշներ: Սոյն ծրագիրին նպատակն է՝ կանխել աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներու, գրադարաններու եւ արժէքաւոր հաւաքածոներու կորուստը եւ նպաստել անոնց պահպանման եւ տարածման: