Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր քննարկեցին Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան ընթացքը:
Ըստ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակին՝ անոնք անդրադարձան Եւրոպական խորհուրդի որոշումին` աւելցնելու Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան անձնակազմին թիւը:
Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը կարեւոր դերակատարութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ ապահովութիւն երաշխաւորելու համար։
Եւրոպական Միութեան 100 դիտորդները Հայաստան ժամանեցին Փետրուար 2023ի աւարտին: Առաքելութեան յանձնարարութեան ժամանակը երկու տարի է։