

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան 24-26 Յունուարին Քոնկրեսին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ծերակուտականներու եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներու հետ՝ բարձրացնելով արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայաստանի ապահովութեան եւ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր։ Հանդիպումներուն ընթացքին, Խաչատրեանին կ՛ուղեկցէր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան։
Ծերակուտականներ Ճան Ֆեթըրմընի, Մարքուէյն Մալընի եւ Կերի Փիթըրզի հետ հանդիպումներուն ընթացքին, Խաչատրեան նշեց, որ եթէ Ալիեւի վարչակազմին նկատմամբ պատժամիջոցներ չկիրառուեն՝ Արցախի 150,000 հայութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան համար, ան շարունակ պիտի սաստկացնէ իր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։ Ան ազդարարեց, թէ Ատրպէյճանի զօրքերը ներկայիս արդէն իսկ կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ՝ Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ՝ աւելցնելով, որ Ալիեւ մարտահրաւէր կը նետէ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն, կը սպառնայ Սիւնիքէն անցնող միջանցք բանալ եւ Թուրքիոյ հետ ցամաքային կապ ապահովել, ինչպէս նաեւ ճնշում կը բանեցնէ Հայաստանի վրայ՝ ընդունելու նոր Սահմանադրութիւն։
Խաչատրեան նաեւ ընդգծեց Հայաստան ապաստանած արցախահայերուն համար ամերիկեան օգնութիւնը ընդարձակելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ այլ գործընկերներու հետ աշխատանքին կարեւորութիւնը՝ խրախուսելու միջազգային երաշխիքներու վերաբերեալ երկխօսութիւն Արցախի կառավարութեան հետ, ինչ որ կարելի պիտի դարձնէ արցախցիներու խաղաղ վերադարձը։


Ան ամերիկացի օրէնսդիրները յորդորեց խստօրէն արձագանգել հայ ռազմագերիներու շարունակող բանտարկութեան՝ նշելով, որ գերիներուն մէջ են նաեւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներ։
Խաչատրեան Փիթըրզին շնորհակալութիւն յայտնեց Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու՝ անոր ներկայացուցած բանաձեւին համար։
Խաչատրեան Ուաշինկթըն մեկնած էր Քալիֆորնիայէն, ուր մասնակցած էր նահանգին եւ Սիւնիքի միջեւ համագործակցութեան առիթով Սաքրամենթոյի մէջ տեղի ունեցած արարողութեան։