Երեւան ցաւով արձանագրեց, որ իր` ականապատ դաշտերու նոր քարտէսներ պատրաստելու եւ զանոնք Ատրպէյճանին փոխանցելու՝ մարդասիրական նախաձեռնութիւնը արժանացաւ բացասական եւ հեգնական արձագանգի:
«Ինչպէս բազմիցս նշուել է, Հայաստանը, այդ թւում` որպէս վստահութեան ամրապնդման միջոց, Ադրբեջանին է փոխանցել իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր ականապատ քարտէզները` ստանալով դրանք Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնեաներից: Հետագայում, առաջնորդուելով մարդասիրական նպատակներով` Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտօնեաների շրջանում հարցումներով նոր քարտէզներ է պատրաստել` քարտէզները Ադրբեջանին փոխանցելու համար», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով. «Ցաւօք սրտի, այս նախաձեռնութիւնն անմիջապէս արժանացաւ ադրբեջանական կողմի խիստ բացասական եւ հեգնական արձագանգին` ժխտելով Հայաստանի վստահութեան ամրապնդման ջանքերը, շարունակելով շահարկել թեման եւ Հայաստանի դրական քայլը վերածելով էսկալացիայի (մագլցումի) ու բացասական հռետորաբանութեան առիթի»։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) օր մը առաջ յայտնած էր, որ ականապատ դաշտերու 8 նոր տեղեկամատեաններ աշխատանքային խողովակներով պիտի փոխանցուին Ատրպէյճանին: Ծառայութիւնը դիտել տուաւ, որ նախապէս ալ քանի մը անգամ, առանց նախապայմաններու, Ատրպէյճանին փոխանցուեցան Արցախի ականապատ դաշտերու 972 տեղեկամատեաններ, եւ որ Երեւանի տրամադրութեան տակ աւելի լաւ որակի քարտէսներ պարզապէս չկան:
Պաքուէն իբրեւ պատասխան՝ հակադարձեցին` 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք, միջազգային ճնշումի տակ Հայաստանին ներկայացուցած քարտէսներուն ճշգրտութիւնը ընդամէնը 25 տոկոս է: «Այդ քարտէսները անարդիւնաւէտ են, թերի եւ տեղւոյն վրայ ճշգրիտ կերպով չեն ներկայացներ իրական պատկերը: Թէեւ այս քարտէսները ցոյց կու տան, որ մեր տարածքներուն մէջ իբր թէ տեղակայուած են ընդամէնը 400,000 ականներ, սակայն ականներու իրական թիւը կը գերազանցէ մէկ միլիոնը», կ՛ըսուի Բաքուի յայտարարութեան մէջ։
ԱԱԾն միւս կողմէ նշեց, որ վերջին շրջանին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ ականի պայթումէ ատրպէյճանցիներու վիրաւորուելուն վերաբերող լուրերէն ետք եւ իբրեւ շարունակութիւն 7 Դեկտմբեր 2023ին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին եւ Ատրպէյճանի նախագահին վարչակազմին միջեւ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք պայմանաւորուածութեան, շօշափելի քայլերու ձեռնարկուեցաւ երկու պետութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ, իսկ ԱԱԾն վերսկսաւ լուսաբանական աշխատանքի՝ Արցախի նախկին զինուորներու հետ, եւ ասոր իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկան 8 նոր տեղեկամատեաններ։
Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը, մինչդեռ, Հայաստանի այս քայլը երբեք կառուցողական չնկատեց։ «Հայաստանի այս յայտարարութիւնը կը վկայէ, որ այդ երկիրը նպատակ չունի ներդրում ունենալ մարդասիրական գործընթացին մէջ, եւ այս քայլը կարելի չէ նկատել փոխվստահութեան կառուցման գործիք: Ատրպէյճան կ՛ակնկալէ, որ Հայաստան ներկայացնէ բոլոր ականապատ տարածքներու յստակ քարտէզները», յայտնեց Պաքու՝ պնդելով, որ Հայաստանի ներկայացուցած քարտէսները ճշգրիտ չեն, եւ որ վերջին տարիներուն ականներու պայթումներուն առաւել քան 55 տոկոսը տեղի ունեցան այն տարածքներուն մէջ, որոնց վերաբերող քարտէսները Հայաստան չէ տրամադրած։
Ըստ ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեանի՝ Ատրպէյճան իր կոշտ պատասխանով Հայաստանէն նոր զիջումներ ստանալու համար դաշտ կը բանայ՝ նոյն ատեն ցոյց տալով, որ ականներու մասին նոր տուեալներու դիմաց Հայաստանին ոչինչ պիտի տայ: «Ես կարծում եմ, որ Ադրբեջանը, փորձելով ցոյց տալ, որ սա այն իր սպասածը չէր, ինչ որ կարող էր Հայաստանի իշխանութիւնը իրենց ներկայացնել, եւ սա նաեւ անում է նրա համար, որպէսզի Հայաստանի իշխանութիւնը իր մտքում նոյնիսկ չունենայ, որ սրա դիմաց Ադրբեջանը պատրաստ է այլ բան զիջելու», ըսաւ ան։
Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր, «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան իր կարգին Հայաստանի ԱԱԾի յայտարարութիւնը ձեռնավարութիւն նկատեց՝ հարցնելով, թէ այդ ի՞նչ քարտէսներ են, որոնք Հայաստան իբր թէ չունէր, եւ արցախցիներուն միջոցով կարելի եղաւ ի յայտ բերել զանոնք։ «Դա է հերթական մանիպուլեացիան (ձեռնավարութիւնը)` մեր ժողովրդին իրականութիւնը չասել, որ մեզ պարտադրում են ականների քարտէզները տրամադրել: Իսկ քանի որ նրանք արդէն իսկ յայտարարել էին, որ բոլոր քարտէզները տրամադրել են, սա հերթական պատճառն է, որ նոյնպէս մեղքը բարդեն արցախցիների վրայ, թէ իբր արցախցիները քարտէզներ էին թաքցրել, Հայաստանի պաշտպանութեան բանակին կամ համապատասխան ստորաբաժանումներին չեն տուել, դրա համար հիմա է ի յայտ եկել` հիմա են տալիս», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Գալստեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ անոր յաջորդած Պաքուի կոշտ յայտարարութիւնները անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ Երեւան կ՛ուղղուի զիջման` առանց դիմացը որեւէ բան ստանալու: Մինչդեռ նոր քարտէսներու մասին խօսելէ առաջ, ըստ անոր, պէտք էր բարձրացուէր գերիներու վերադարձի հարցը: «Պէտք է նաեւ յայտարարէին, որ սա տրամադրւում է, ասենք, մեր ռազմաքաղաքական էլիտային (ընտրանիի), կամ գերիներին բաց թողնելու, կամ որոշ մասին բաց թողնելու նախապայմանով, կամ ինչ-ինչ պայմաններով», յայտնեց Գալստեան ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ականներու մասին ճշգրիտ քարտէսներու իր պահանջին զուգահեռ, 26 Յունուարին Երեւանին ներկայացուց այլ պահանջ մըն եւս՝ «հրատապ միջոցներու ձեռնարկելու 4 հազար անհետ կորսուած ատրպէյճանցիներուն ճակատագիրին եւ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին ատրպէյճանցիներու գերեզմաններուն գտնուած վայրին մասին տեղեկութիւններ տրամադրելու ուղղութեամբ»: