Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ գերբաժակի աւարտականի մրցումը` «Ինթեր Միլան»ի եւ «Նափոլի»ի միջեւ:
Առաջին անգամ ըլլալով այս դրութեամբ տեղի ունեցաւ գերբաժակի մրցումը, ուր ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքի լաւագոյն երկու խումբերը (ախոյեան եւ փոխախոյեան) կը մրցէին: Կիսաւարտականին, «Ինթեր»ը 3-0 արդիւնքով յաղթած էր «Լացիօ Ռոմա»ին, իսկ «Նափոլի»ն նոյն արդիւնքով`«Ֆիորենթինա»ին:
Աւարտականի մրցումին, «Ինթեր»ը 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը ապահովեց։ Մրցումին ամբողջութեամբ մասնակցեցաւ Հայաստանի հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան։ Այս բաժակը «Ինթեր»ի յաջորդական 3րդն էր, որուն շնորհիւ մօտեցաւ «Եուվէ»ի մրցանիշին, որ «Ինթեր»էն մէկ տիտղոս աւելի ունի (9 գերբաժակ):