

ՌԱՅԹՈՒՈՒՏ, Քալիֆորնիա.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ Կրտսերներու ձմեռնային աւանդական բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ 12էն 14 Յունուարի շաբաթավերջը, ՀԵԴի Ճամբարին մէջ, ի մի բերելով շրջանի մասնաճիւղերէն առաւել քան 100 պատանիներ:
«Արցախ. անցեալ, այսօր եւ ապագայ» կարգախօսով բանակումին շնորհիւ մասնակցողները մօտէն ծանօթացան Արցախի պատմութեան եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Ուրբաթ երեկոյեան, պատանիները բանակավայրը ժամանեցին եւ մատուցուած ընթրիքին ընթացքին ծանօթացան իրարու եւ բանակումին մօտաւորապէս 25 ՀԵԴական խորհրդատուներուն:
Բանակումին համավարիչ Արիկ Գէորգեան ներկայացուց Արցախի պատմութեան գլխաւոր իրադարձութիւնները եւ մատնանշեց անոր անկախութեան համար պայքարը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Բանակումին միւս համավարիչը` Գէւ Իսքէճեան, մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ անցեալ տարուան ընթացքին Արցախի դիմագրաւած ճգնաժամին մասին, նկատի ունենալով, որ այդ օրերուն ան կը գտնուէր շրջափակուած Արցախի մէջ:


Պատանիները նաեւ հայութիւնը յուզող հարցերու շուրջ խանդավառ քննարկումի մը մասնակցեցան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեանի հետ, որ շեշտեց ժողովրդային մակարդակի վրայ քաղաքական գործունութեան կարեւորութիւնը:
Բանակումը աւարտեցաւ յեղափոխական երգերու երեկոյով, մասնակցութեամբ երգիչ Դրօ Գրիգորեանին:
Արիկ Գէորգեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԴ Կրտսերներու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, որ կազմակերպական հոյակապ աշխատանք տարած էր, յաջողութեամբ պսակելով բանակումը:
Իր կարգին, Գէւ Իսքէճեան աւելցուց, թէ հայոց պատմութեան այս դժուար օրերուն, լաւատեսութիւն ներշնչող իրականութիւն մըն էր բանակումը եւ անոր մասնակցող պատանիներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը իրենց հայրենիքի իրադարձութիւններուն նկատմամբ:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ Կրտսերներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել AYFJuniors.org կայքը կամ դիմել info@ayfjuniors.org հասցէին: