Իրաքի ներկայ քաոսին մէջ, ուր մարդկային կեանքի հանդէպ բարբարոսութեան մակարդակը հասած է անըմբըռնելի աստիճանի, ուր իրաքցիք կը պայքարին թէ՛ բռնագրաւողներուն եւ թէ իրարու դէմ, այն պահուն երբ երկրի թէժ կէտերը հանդարտեցնելու ամերիկեան յաջորդական փորձերը ձախողութեան կը մատնուին, ընդունուած է ըսել, թէ գէթ հիւսիսային Իրաքը՝ իրաքեան Քիւրտիստանը բռնած է կայունութեան եւ բարօրութեան ճամբան: Ամերիկեան ռազմա-վարչական համակարգին լծուած տեղեկատուական լրատուամիջոցները ջանադրաբար կը ծանուցեն իրաքեան Քիւրտիստանի՝ ներդրումային գրաւիչ միջավայր, զարգացող տնտեսութիւն եւ հասարակութիւն մը ըլլալու հանգամանքը, այն աստիճան, որ իրաքեան Քիւրտիստանի Ուաշինկթընի ներկայացուցչութիւնը իր շղթայազերծած քարոզարշաւին մէջ կ’օգտագործէ «Քիւրտիստան-միւս Իրաքը» սահմանումը:
Իրաքեան Քիւրտիստանը սակայն ուշ կամ կանուխ դատապարտուած կրնայ ըլլալ բաժնելու մայր Իրաքի ճակատագիրը, ինչպէս ցոյց կու տան վերջին շրջանի իրադարձութիւնները: Վտանգի աղբիւրը հոն թափանցող ծայրայեղական տարրերը չեն միայն, այլ՝ հարեւան Թուրքիան: Կացութեան լրջութիւնը հասաւ հոն, որ Քիւրտիստանի շրջանային իշխանութեան ղեկավար Մասուտ Պարզանի ազդարարեց, թէ Անգարայի դէմ Իրաքի քիւրտերը պիտի հակադարձեն՝ միջամտելով Թուրքիոյ քրտական շրջաններուն մէջ: Տագնապը կը վերաբերի հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (ՔԲԿ) վերջին գործողութիւններուն. սակայն ՔԲԿի գործօնին զուգահեռ, լարուածութեան ազդակ է նաեւ քարիւղով հարուստ Քէրքուքի կարգավիճակը ու կացութիւնը:
Վերջին քանի մը ամիսներու դէպքերը ցոյց կու տան, որ ՔԲԿ ձեռնարկած է գործողութիւններու նոր շրջանի մը՝ Թուրքիոյ Արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան քրտաբնակ շրջաններու մէջ գտնուող թրքական թիրախներու դէմ: Այսպէս, Մայիս 18ին ՔԲԿ յայտարարեց իր իսկ կողմէ հաստատուած միակողմանի զինադուլի ջնջումը: Նոյն օրերուն, Իզմիրի մէջ պայթում մը, որ խլեց մէկ զոհ եւ վիրաւորներ, վերագրուեցաւ ՔԲԿին: Մայիս 22ին Անգարայի մէջ քիւրտ երիտասարդի մը կողմէ զբօսաշրջական շուկայի մը մէջ կատարուած անձնասպանական գործողութիւնը (6 զոհ, մօտաւորապէս 100 վիրաւոր) եւս սկզբնական շրջանին վերագրուեցաւ ՔԲԿին, որ սակայն պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հերքեց իր պատասխանատուութիւնը, ընդգծելով, որ ՔԲԿի թիրախները ընդհանրապէս զինուորական ու կառավարական են: Անգարայի գործողութեան հեղինակը հաւանաբար «Քայիտա»ն է եւ կամ ՔԲԿէն անջատուած Քիւրտիստանի ազատագրութեան բազէներ (Kurdistan Freedom Falcons) ծայրայեղական կազմակերպութիւնը: Ընդհանուր առմամբ, Ապրիլ-Մայիս ամիսներու թուրք-քրտական բախումները թրքական բանակին պատճառած են 30 զոհ: Իբրեւ հակազդեցութիւն, թրքական բանակը Յունիս 3ին ռմբակոծեց հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԲԿի յենակէտեր: Յաջորդող օրերուն, Սղերդի, Սըվազի Թունչելիի եւ այլ շրջաններու մէջ կատարուած ՔԲԿի գործողութիւններ թրքական բանակին պատճառեցին առնուազն 15 զոհ (ներառեալ փոխգնդապետ մը): Իրավիճակի այս մագլցումին ի տես, Յունիս 6ին թրքական բանակի սպայակոյտը հիւսիսային Իրաքի սահմանակից շրջանները յայտարարեց «ժամանակաւոր ապահովական շրջաններ», իսկ թրքական քոմանտոներ կարճատեւ գործողութիւններով թափանցեցին Իրաք, հետապնդելու ՔԲԿի զինեալներ: Միաժամանակ Թուրքիա կտրուկ բարձրացուց թուրքեւիրաքեան սահմանին վրայ իր զօրքին թիւը: Ուաշինկթընի պնդումներուն անսալով, Անգարա առայժմ առկախած կը թուի ըլլալ ՔԲԿի հիւսիսային Իրաքի բանակավայրերը ռազմական գործողութեամբ մը ոչնչացնելու իր ծրագիրը:
ՔԲԿ-Ի ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ
Հակառակ անոր, որ երեսնամեայ գոյութեան ընթացքին ՔԲԿ միշտ պահած է իր ռազմական դիմագիծը, բայցեւայնպէս ենթարկուած է շարք մը կազմակերպական վերանայումներու:
ՄԲԿ հիմնուած է 1974ին, Ապտալլա Օճալանի կողմէ, իբրեւ մարքս-լենինեան յեղափոխական դաւանանքի եւ քրտական ազգայնականութեան կրող ու Թուրքիոյ քիւրտերու անկախութեան համար պայքարող կազմակերպութիւն: ՔԲԿի պատկերացուցած Քիւրտիստանը նաեւ կ’ընդգրկէ տարածքներ հիւսիս-արեւելեան Իրաքէն, հիւսիս-արեւելեան Սուրիայէն եւ հիւսիս-արեւմտեան Իրանէն: ՔԲԿի զինուորական աշխուժ գործունէութիւնը կը սկսի 1980ականներու կէսերուն. յաջորդող 15 տարիներուն հարաւարեւելեան Թուրքիան թատերաբեմ պիտի դառնար ՔԲԿի ու Թուրքիոյ բանակին եւ թրքական իշխանութիւններու կողմէ յառաջացած գիւղական քրտական պահակագունդերու միջեւ արիւնալի բախումներու, որոնք պիտի պատճառէին, ըստ թրքական կառավարական տեղեկագիրներու, աւելի քան 35 հազար զոհ: Թրքական բանակը հիմնականօրէն կ’օգտագործէր «հրկիզուած հող»ի մարտավարութիւնը, որուն հետեւանքով հիմնայատակ ջնջուեցան 3-4 հազար քրտական գիւղեր ու տեղահանուեցան անոնց հարիւր հազարաւոր բնակիչները:
Իր փառքի օրերուն ՔԲԿ տարբեր տեսակի օժանդակութիւններ եւ զօրակցութիւն կը ստանար Սուրիայէն, Յունաստանէն, Իրանէն եւ Խորհրդային Միութենէն: Այդ շրջանին ՔԲԿի ղեկավարութիւնը եւ հիմնական բանակավայրերը կը գտնուէին Լիբանանի Պեքաա հովիտին եւ Սուրիոյ մէջ:
ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՉԱՆ
ՔԲԿի ղեկավար Ապտալլա Օճալան Փետրուար 1999ին Քենիայի մէջ ձերբակալուեցաւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան անդամներու կողմէ, թուրքեւամերիկեան միացեալ գործողութեամբ մը: Օճալանի ձերբակալութեան եւ բանտարկութեան եզակի պատահարը շրջադարձային պիտի ըլլար ՔԲԿի համար՝ գաղափարական, նպատակային, ինչպէս նաեւ կազմակերպական առումով:
Ձերբակալուելէ ետք, Օճալան իր հետեւորդներուն կոչ ուղղեց՝ պահանջելով դադրեցնել զինեալ պայքարը եւ խաղաղ միջոցներով հետապնդել քիւրտ ժողովուրդի քաղաքացիական իրաւունքներու դաշտը: Ծրագրային ու նպատակային առումով այս շրջադարձը թարգմանուեցաւ Քիւրտիստանի անկախութեան պահանջէն՝ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս քիւրտերու մշակութային, ազգային, ժողովրդավարական իրաւունքներու հետապնդման պահանջին անցումով: Կազմակերպչական ու իրողական գետնի վրայ, ՔԲԿ նոյն տարին (1999) միակողմանի զինադուլ յայտարարեց (որ չճանչցուեցաւ Անգարայի կողմէ) ու ՔԲԿի 3-5000 զինեալներ Թուրքիոյ տարածքէն հեռանալով ամրացան հիւսիսային Իրաքի Քանտիլ լերան լանջերու իրենց բնակավայրին մէջ: Գաղափարախօսական առումով, ՔԲԿ գրեթէ ամբողջովին հեռացաւ ծայրայեղ ձախակողմեան դաւանանքէն (գործընթաց մը, որ սկսած էր Խորհրդային Միութեան փլուզումով), ու որդեգրեց աշխարհիկ, ժողովրդավարական եւրոպական սկզբունքներ:
ՔԱՏԷՔ, ՔՈՆԿՐԱ-ՃԷԼ, ՎԵՐՍՏԻՆ ՔԲԿ
Քանտիլ փախադրուելէ ետք եւ ամրագրելու համար վերոյիշեալ փոփոխութիւնները ու միաժամանակ նոր տեսք հաղորդելու համար կազմակերպութեան, ՔԲԿի 8րդ ընդհանուր համագումարը Ապրիլ 2002ին ՔԲԿն վերանուանեց Քիւրտիստանի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան քոնկրէս՝ ՔԱՏԷՔ: Հակառակ անոր, որ ՔԱՏԷՔ պաշտօնապէս փարեցաւ խաղաղ միջոցներու, կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ ՔԱՏԷՔի զինեալ թեւը՝ Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը կազմալոյծ ու զինաթափ պիտի չըլլան: 2003ի աշնան քաղաքական-գեղագիտական այլ բարեփոխումով մը, ՔԱՏԷՔ անուանուեցաւ ՔՈՆԿՐԱ-ՃԷԼ (Քիւրտիստանի ժողովրդական Քոնկրէս), որ ենթադրաբար թուրք-քրտական խաղաղ կազմակերպութիւններու համախմբում մըն է, առաւելաբար կեդրոնացած Եւրոպայի մէջ: Հակառակ այս փոփոխութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը ՔԲԿն իր բոլոր անուանումներով կը պահէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ: Յունիս 2004ին, մէկ կողմէ այս կերպարանափոխումներու անյաջողութեան, իսկ միւս կողմէ թրքական իշխանութիւններու անզիջող քաղաքականութեան (օրինակ ներումներու շնորհման գծով) իբրեւ հետեւանք, կազմակերպութիւնը յետս կոչեց 1999էն ի վեր հաստատուած միակողմանի զինադադարը ու վերստին որդեգրեց ՔԲԿ անուանումը:
Օճալանի մահուան եւ ապա ցմահ բանտարկութեան դատապարտուիլը, ՔԲԿի կառուցային եւ ծրագրի փոփոխութիւնները նաեւ յառաջացուցին ներքին տագնապներ, թէ՛ ղեկավար դասի եւ թէ շարքերու մակարդակին վրայ, ինչ որ անխուսափելիօրէն կը յանգէր հերձուածներու յառաջացման: Այսօրուան դրութեամբ, ՔԲԿի ղեկավարումը կը տատանի երեք անձնաւորութիւններու միջեւ, Մուրատ Քարատիլան՝ Քանտիլի մէջ ՔԲԿի աւագ ղեկավարը եւ Օճալանի մասամբ հաւատարիմ անձ մը, Զուպէր Այտար՝ Եւրոպայի մէջ ՔՈՆԿՐԱ-ՃԷԼի առաջնորդը, եւ նոյնինքն Օճալան, Իրմալիի բանտէն փաստաբաններու եւ հաղորդագրութիւններու միջոցով փախանցուող իր ցուցմունքներով: Յատկանշական էր, 2005ին, Օճալանի կրտսեր եղբօր՝ Օսման Օճալանի եւ իր քանի մը հարիւր հետեւորդներուն անջատումը ՔԲԿէն: Օսման ստեղծեց իր շարժումը՝ հայրենասիրական Ժողովրդավարական ճակատ, տեղակայուած Մուսուլի մէջ:
ՔՈՅՐ ԵՒ ՄՐՑԱԿԻՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Քանտիլ լերան հարաւային լանջերուն, ՔԲԿի բանակավայրէն ոչ շատ հեռու, հաստատուած է ՔԲԿի քոյր կազմակերպութեան՝ Յանուն Քիւրտիստանի ազատութեան ու կեանքի կուսակցութեան (Party for Freedom and Life in Kurdistan-PJAK) բանակավայրը, մօտաւորապէս 1000 զինեալներով: Թուրքիոյ եւ Իրանի համաձայն PJAK-ը ՔԲԿէն սկսած խմբաւորում մըն է, սակայն կուսակցութեան հիմնադիրներուն համաձայն, PJAK-ը ծնունդ առած է 1997ին, Մարդկային իրաւանց երիտասարդական խաղաղ շարժումէ: Ներշնչուելով իրաքեան Քիւրտիստանի ինքնիշխանութեան նախընթացէն ու Թուրքիոյ մէջ ՔԲԿի յաջողութիւններէն, PJAK-ը սկզբնական շրջանին պայքարած է Իրանի մէջ քրտական ինքնութեան պահպանումին եւ փոքրամասնական իրաւունքներու ուղղութեամբ, այսուհանդերձ, Թեհրանի ճնշող քաղաքականութեան ի տես, շարժումը 1999ին կայք հաստատած է հիւսիսային Իրաք՝ ՔԲԿի ենթակայ շրջաններ, ուր ՔԲԿի շունչին տակ վերածուած է անկախութեան միտող կազմակերպութեան:
Բայցեւայնպէս, PJAK հաւատարիմ կը մնայ Մարդկային իրաւանց խաղաղ շարժումի իր ակունքներուն: Այս առումով, կուսակցութիւնը երբեք թիրախ չ’ընտրեր անմեղ քաղաքացիներ, այլ կ’աշխատի հարուածել միայն Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակները, իսկ PJAK-ի անդամներուն 45 առ հարիւրը իգական սեռին կը պատկանի. այլ ցուցանիշ մը՝ շարժումին դաւանած արդի արժէքներուն: Կուսակցութեան գեր-նպատակն է իրանեան կրօնական վարչակարգը փոխարինել ժողովրդավարական, դաշնակցային համակարգով մը:
PJAK 2004էն ի վեր բախումներ կ’ունենայ իրանական ապահովական ուժերու հետ, յաճախ իբրեւ հակադարձութիւն պետական ուժերու ոտնձգութիւններուն: Իր կարգին, Թեհրան բազմաթիւ առիթներով ռմբակոծած է PJAK-ի իրաքեան դիրքերը, եւ շարժումը կ’ամբաստանէ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութեամբ:
ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԶԷՆԵՐ (ՔԱԲ)
Մօտ երեք տարուան կեանք ունեցող Քիւրտիստանի ազատագրութեան բազէներ խորհրդաւոր կազմակերպութիւնը արդէն իսկ լուրջ մտահոգութեան ազդակ է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար: 2004ին փոքր ռմբահարումներով, իսկ 2005ին Քուսատիսիի մէջ ռմբահարումով մը հինգ զբօսաշրջիկներու սպանութեամբ հրապարակ եկած այս խմբաւորումը, ըստ որոշ աղբիւրներու, կազմուած է ՔԲԿի նախկին անդամներէն, որոնք խրտչելով Օճալանի բանտարկութենէն ետք ՔԲԿի որդեգրած մեղմ քաղաքականութենէն եւ զիջումներէն, հեռացած են անկէ: Այս իմաստով, ՔԱԲի հետեւորդները կը պատկանին քրտական ծայրայեղ շրջանակներուն: Մինչ ՔԲԿ կը հարուածէ բացառապէս թուրք զինուորական ու կառավարական թիրախներ, ՔԱԲ չ’որդեգրեր այդ խտրութիւնը:
Հակառակ փոքրաթիւ խումբ մը ըլլալուն, ՔԱԲ լուրջ մրցակից ու նաեւ հակառակորդ է ՔԲԿին: Այս իրողութիւնը ակներեւօրէն դրսեւորուեցաւ Օգոստոս 2006ին: Արդարեւ, մինչ ՔԲԿի ղեկավար Մուրատ Քարատիլան այդ ամսուան սկիզբը կը յայտարարէր, թէ նոր զինադուլ մը ուժի մէջ պիտի մտնէ քանի մը շաբաթ ետք, ՔԱԲ Քարտիլանի յայտարարութենէն քանի մը օր ետք, Օգոստոս 28ին, միաժամանակ երեք ռմբահարումներ կը կատարէր Մարմարիսի, Պոլսոյ եւ Անթալիոյ մէջ, պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Թուրքիոյ վարչապետը եւ սպայակոյտի պետը իսկոյն յայտարարեցին, թէ Անգարա պիտի չճանչնայ զինադադարը եւ ՔԱԲը, զայն համարելով ՔԲԿի ենթակայ: Այսպիսով, Քիւրտիստանի ազատագրութեան բազէները կու գան կոտրելու Թուրքիոյ միլիոնաւոր քիւրտերու դատը ցարդ հետապնդող ՔԲԿի ազատագրական մենաշնորհը:
ՃԱԿԱՏԱԳՐՈՐՈՇ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՔԲԿ ազատագրական պայքարի առնուազն 25ամեայ փորձառութիւն ունեցող կազմակերպութիւն մըն է: Հակառակ անոր, որ ՔԲԿ իր այս երթին մէջ իւրացուցած կը թուի ըլլալ խոչընդոտներ ու տագնապներ շրջանցելու որոշ հասունութիւն, ՔԲԿի դիմագրաւած այսօրուան մարտահրաւէրներու յաջողութեամբ պսակումը սակայն կը կարօտի նոր ճիգի ու անխարդախ յստակատեսութեան, տրուած ըլլալով այդ մարտահրաւէրներու պսակումը՝ դրական թէ բացասական ելքով, պիտի գծէ ՔԲԿի վերելքի կամ շիջումի ճանապարհը: Այսպէս, ՔԲԿ այսօր կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, երեք առնչակից ճակատներու վրայ:
Առաջին՝ ներկուսակցական-ներկազմակերպական: Ինչպէս շատ մը յեղափոխական-ազատագրական շարժումներու պարագային, ՔԲԿն ալ, իր ղեկավարին՝ Ապտալլա Օճալանի «չէզոքացումէն» ետք դիմագրաւեց ղեկավարութեան տագնապ: Անկախ Օճալանի անձին հանդէպ առկայ անհատապաշտութեան յոռի երեւոյթէն, անոր յաջորդելու կոչուած նոր ղեկավարներու անմիաբանութիւնը ստեղծեց արտահոսք կուսակցութենէն եւ հերձուածներու յառաջացում, որուն մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ նաեւ Օճալանի բանտարկութենէն անմիջապէս ետք կուսակցութեան բարձրագոյն նպատակէն՝ Քիւրտիստանի անկախացումէն ու զինեալ պայքարէն հրաժարումը եւ ապա ՔԱՏԷՔ-ՔՈՆԿՐԱ-ՃԷԼ խարխափումները: Այս կացութեան յառաջացման առաջին դերակատարը եղաւ ինքը՝ Օճալանը: Բնականաբար, իր այս ընթացքով ՔԲԿ մեծ հարուած հասցուց իր վարկին: ՔԲԿի ղեկավարման տագնապը տակաւին կը յամենայ:
Վերոյիշեալ հիմնահարցը անմիջականօրէն կ’առնչուի ՔԲԿի երկրորդ՝ ներքրտական մարտահրաւէրին: Քիւրտիստանի ազատագրութեան բազէներ երիտասարդ կազմակերպութիւնը՝ անմիջական արդիւնքը ՔԲԿի գործունէութեան, տակաւին իր առաջին քայլն է որ կ’առնէ, սակայն ոչ անտեսելի քրտական զանգուած մըն է, որ կը ներկայացնէ իր մօտեցումը Թուրքիոյ քրտական հարցին՝ հակամարտութիւն եւ ոչ զիջում տարազով: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ո՞ր տարազը պիտի նախընտրէ Թուրքիոյ քիւրտ համայնքը: Միւս կողմէ, ՔԲԿ շատ նուրբ կացութիւն մը կը դիմագրաւէ, ի դիմաց հիւսիսային Իրաքի երկու աւանդական ուժերուն՝ իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավար Մասուտ Պարզանիի Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանիի Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան: ՔԲԿի այսօրուան հիմնական՝ Քանտիլի եւ երկրորդական բանակավայրերը կը գտնուին այս երկու ուժերուն ենթակայ շրջաններուն մէջ: Երկու ղեկավարներն ալ շահագրգռուած են իրենց համապատասխան համաքրտական ժողովրդականութեան պահպանումով, սակայն յաճախ չդիմանալով իրաքցի դաշնակիցներու եւ Անգարայի ճնշումներուն, քայլեր առած են ՔԲԿի դէմ (օրինակ՝ ձերբակալութիւն, գրասենեակներու փակում): Հետեւաբար, ՔԲԿի Քանտիլիի ապաստանարանը յաւերժօրէն ապահով կրնայ չըլլալ: Աւելի՛ն. հարցադրումը յաճախ հետեւեալ ձեւով է, որ կը դրուի. «Իրաքի կիսանկախ, հետզհետէ անկախացող, տնտեսապէս հարուստ ու բարօր քիւրտերը արդեօ՞ք պատրաստ են ցարդ նուաճուածը վտանգի տակ դնել Թուրքիոյ քիւրտերուն կամ «Մեծն Քիւրտիստանի» սիրոյն»:
Նոյն տրամաբանութեան շարունակութեամբ, ՔԲԿի դիմագրաւած երրորդ մարտահրաւէրը իր միջազգային մեկուսացման մարտահրաւէրն է ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Իրանի (PJAK-ի պարագային): Խորհրդային Միութեան փլուզումով, Սուրիոյ եւ Յունաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ, ՔԲԿ զրկուեցաւ իր միջազգային հովանաւորներէն, ինչ որ յանգեցաւ Օճալանի ձերբակալման: Տեսանելի ապագային, այս կացութիւնը շրջուելու նշաններ ցոյց չի տար:
Թուրքիոյ եւ Իրանի համաձայնութիւնը՝ միասնաբար պայքարելու ՔԲԿին ու անոր իրանական թեւին դէմ արդէն կը գործնականացուի ըստ անհրաժեշտութեան՝ երկու ճակատներէն Քանտիլի ռմբակոծումով, օդային թէ ցամաքային ներխուժումներով: Սատտամ Հիւսէյնի տապալումէն ի վեր Թուրքիա մեծ ճնշում կը բանեցնէ Ուաշինկթընի եւ Պաղտատի իշխանութիւններուն վրայ՝ հիւսիսային Իրաքէն արմատախիլ ընելու ՔԲԿն: Թրքական բանակին կողմէ վիրահատական գործողութիւն մը ճակատագրական կրնայ ըլլալ ՔԲԿի հիմնական յենակէտին համար:
***
Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակիցներու կողմէ Իրաքի բռնագրաւումով եւ Սատտամ Հիւսէյնի տապալումով, Միջին Արեւելքի անհայրենիք ժողովուրդին՝ քիւրտերու ազգային հարցին գէթ մէկ բաղադրիչը կը թուի ընդունելի լուծման մը ընթացքին մէջ ըլլալ, յանձինս իրաքեան Քիւրտիստանին: Քիւրտիստանի բշխատաւորական կուսակցութիւնը տասնամեակներու ընթացքին իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցած է Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցին ձեւ ու մարմին տալու ու զայն վառ պահելու աշխատանքին մէջ: Քրտական հարցի վախճանական լուծման իր ներդրումը ապահովելու համար ՔԲԿ նախեւառաջ պարտի շրջանցել իր իսկ դիմագրաւած մարտահրաւէրները: