«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը անցնող ամիսներու ընթացքին իր պատրաստած երկամեայ ծրագիրը պաշտօնապէս իր հովանին վայելող մասնաճիւղերու վարչական պատասխանատուներուն փոխանցելու համար եւ միաժամանակ անոնցմէ տեղեկանալու իրենց միամեայ ծրագրումներուն, ձեռք ձգած փորձառութիւններուն ու արձանագրած յաջողութիւններուն, դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն, Կիրակի, 8 Յուլիս, 2007ի կէսօրէ առաջ ժամը 11ին «Համազգային»ի Կլէնտէյլի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպեց մասնաճիւղերու միջ-վարչական Ա. հանդիպումը:
«Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան լման կազմին կողքին ներկայ էին Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութենէն 3 անդամներ, Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան»էն՝ 2, Փասատինայի «Շահան Շահնուր»էն՝ 2, Կլէնտէյլ-Պըրպէնք-Լա Քրեսէնթա Միացեալ մարմնէն՝ 2:
Այս հանդիպման բանաւոր կերպով կը բացակայէին՝ Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Օրէնճ Քաունթիի մասնաճիւղերու վարչական ներկայացուցիչները:
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, նախաճաշի հիւրընկալութենէն ետք, նախ պարզեց եւ ապա զեկուցեց Շրջանային վարչութեան հերթական ժողովներուն քննուած հիմնահարցերը եւ ապա ներկայացուց վարչութեան մօտակայ եւ հեռակայ ծրագրումները:
Ստորեւ համադրումը՝ ներկայացուած այս զեկուցման.-
– Որեւէ ծրագրում կը կարօտի նպատակի ու նպատակին հասնելու համար պէտք է որդեգրել յստակ գործելաոճ եւ միջոցառումներ:
– Շրջանային վարչութիւնը իրազեկ ըլլալով միութեան ներքին կազմակերպչական հարցերուն, կատարած է կրթական եւ մշակութային այս միութեան կառոյցին ախտաճանաչումը, միաժամանակ քննած այս հարցերուն ծաւալն ու տարողութիւնը:
Այսպէս՝ ո՞ւր է «Համազգային»ը այս օրերուն, ի՞նչ է իր դերը այս գաղութէն ներս, ի՞նչ են իր լծակները, հասնելու համար իր առաքելութեան եւ ինչպէ՞ս կարելի է օգտուիլ իր նման մշակութային հայ կամ օտար միութիւններու աշխատելաձեւերէն:
– «Համազգային»ը, հոս, ներկայիս կը գոյատեւէ այնպիսի գաղութէ մը ներս (գաղութ մը, որ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին իր բազմաշերտ հայութեամբ իւրայատուկ իրավիճակ մը ունի), որ բոլորովին տարբեր իրավիճակ մը ունէր ասկէ երկու կամ աւելի տասնամեակներ առաջ:
– Մեր ոլորտէն ներս յստակ իրականութիւն է, թէ ներկայիս «Համազգային»ը իր շուրջը ունի բազմաթիւ միութիւններ եւ անձնական նախաձեռնութիւններով հրապարակ իջած անհատներ, որոնք մշակութային աշխատանքներ կը տանին:
– 2008ին 80 տարեկան պիտի ըլլայ այս մեծ միութիւնը եւ կարելի չէ ասկէ երեսուն տարիներ առաջուան մտածելակերպով իր աշխատանքը շարունակել:
– Այս շրջանի իւրաքանչիւր մասնաճիւղ նոր իրականութեան մը առջեւ կը գտնուի: Անոր համար պէտք է անդրադառնալ գործի կամ աշխատանքի հսկայ տարողութեանը:
– Մեր մէջ տակաւին գոյութիւն ունին աւանդականը պահելու եւ միաժամանակ նորոգուելու կարելիութիւնները:
– Անգիտակցաբար լծուած ենք աւանդական ծրագրումի շարունակութեան:
– «Համազգային»ը այս գաղութէն ներս շատ կարեւոր աշխատանքներ ունի տանելիք:
– Միութեան մօտակայ եւ հեռակայ նպատակներու զատորոշ տարբերութիւններուն բացակայութեան պատճառով շատ յաճախ կը տատամսինք ծրագրումներու առաջնահերթութեան ճամբուն վրայ:
– «Համազգային»ի առաքելութիւնը յստակ է բոլորին համար: Ահա թէ ինչու մարտահրաւէրներու անհատնում շարքով մը օղակուած է ան:
– Մշակոյթի պահպանումը անպայմանօրէն հայապահպանում չի նշանակեր, եթէ անոր չընկերանան մեր բոլորին հաւաքական հայեացքները:
– Այս օրերուն առաջնահերթ են միութեանս մտածելակերպի ու շարքերու երիտասարդացումը, որ պայմանաւորուած է նաեւ մասնաճիւղերու աշխուժացումով:
– Պէտք է դրական եւ հետեւողական մթնոլորտ մը ստեղծել միութեան շուրջ, զայն ինքնաբաւ դարձնելու համար, միաժամանակ ապահովելով նիւթական աղբիւրներ, կազմակերպելով հասութաբեր զանազան ձեռնարկներ, որոնք կը դրսեւորեն մեր միութեան խառնուածքը:
– Անպայմանօրէն մեր մշակոյթը ծանօթացնել օտարներուն:
– Անհրաժեշտութիւններ են միութեան Web Site-ը, E Mail-ը եւ Data Base-ը, որոնք իբրեւ արտաքին ճակատ յատուկ պատգամ մը պիտի տան գաղութին:
– Միութիւնը սեփական կեդրոնի մը տէրը դարձնել:
Ա. 2007ի յատուկ ձեռնարկներ
1.- Հայ լեզուի տարուան առթիւ՝ հայկական վարժարաններու միջ-աշակերտական շարադրութեան եւ գծագրութեան մրցոյթ
2.- Հայ լեզուին նուիրուած հրապարակային դասախօսութիւն
3.- Արուեստագիտուհի Ալլա Լեւոնեանի մենահամերգ
4.- Վահէ Պէրպէրեանի նոր թատերախաղի հովանաւորում
5.- Ֆրանսաբնակ գրագէտ Մովսէս Պչաքճեանի նոր գիրքի ներկայացում՝ հեղինակին ներկայութեան
6.- Անթոնիա Ասլանի գիրքի ներկայացում
7.- Արուեստագէտ Աղասիի գործերու ցուցահանդէս
Բ. 2008ի յատուկ ձեռնարկներ
1.- «Համազգային»ի հիմնադրութեան 80ամեակին նուիրուած հրապարակային ճաշկերոյթ-հանդիսութիւն
2.- «Մոզայիք 2»ի ձեռնարկ – հայկական նուագախումբեր
3.- Փոքրիկներու կողմէ մանկական գիրքերու ընթերցում՝ «Սարդարապատ» գրախանութէն ներս
4.- CBS Studio-ներու մէջ, «Համազգային»ի միօրեայ մշակութային փառատօն
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նամակագրութեան յատուկ նոր հասցէն է.-
Hamazkayin – Regional
P.O. Box 4732
Glendale, CA 91222
ԱՅՑԵԼԵՑԷՔ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ» ԿԱՅՔԷՉԸ HAMAZKAYIN.NET