Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց Հայկական հանրային ձայնասփիւռի հաղորդած լրատուութեան մէջ այն լուրը, թէ ամերիկահայ վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեան յայտնած է, թէ «Հայաստանի համար դրական կը նկատէ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական միութեան հաւանական անդամակցութիւնը, քանի որ այդ պարագային Եւրոպական միութեան սահմանները պիտի հասնին մինչեւ Հայաստան: Իսկ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեամբ, որոշակի վտանգ կրնայ յառաջանալ Եւրոպական միութեան երկիրներուն համար՝ իսլամական ահաբեկչութեան իմաստով»:
Ռիչըրտ Կիրակոսեանի վերոնշեալ կարծիքը ունէր նաեւ թուրք ազգայնամոլ (ոչ թէ իսլամական) ահաբեկչութեան զոհ դարձած Հրանդ Տինք։ Տեսակէտ մը, որ վերջինս կը մղէր նոյնիսկ Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արարքը պատժելի դարձնող օրէնքին դէմ ծայրայեղ ընդվզում մը ունենալու։
Այս լուրը վերյիշեցուց նաեւ վերջերս Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի հետ մեր կատարած հարցազրոյցին ժամանակ վերջինիս ըսած այն խօսքը, թէ «մենք արտասահմանի մեր հայ եղբայրներէն մի քիչ տարբեր կը մտածենք եւ մենք ջերմօրէն կողմնակից ենք, որ Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցի, որովհետեւ մենք ալ անհամեմատ կերպով պիտի շահինք այդ անդամակցութենէն»։ Մեր այն հարցին, թէ «դուք կը պնդէ՞ք, որ Թուրքիա իր ներկա՛յ կացութեամբ ընդունուի, թէ դուք ալ այն կարծիքին էք, որ Թուրքիա պէտք է յաւելեալ պայմաններ լրացնելէ ետք ընդունուի», Հատտէճեան պատասխանեց. «Անշուշտ իրողութիւններ կան։ Եւրոմիութիւնը երբ բան մը կը պահանջէ, կը նշանակէ, որ թերութիւն մը, պակաս բան մը կայ, սրբագրութեան կարօտ բան մը կը տեսնէ։ Եւ անշուշտ այդ սրբագրութեան կարօտ երեւոյթին սրբագրութիւնը մեզի համար ալ նպաստաւոր է։ Հարցը այն է, որ Թուրքիա իսկապէս սրբագրութեան կարօտ հարցեր ունի, կամ գոնէ դուրսէն այդպէս կը տեսնուի»։
Ահա այս սրբագրութիւններու մասին է խօսքը։ Այդ սրբագրութիւններու անհրաժեշտութիւնը ի մտի ունենալով, կը մերժենք նաեւ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրին այն ձեւակերպումը, թէ Թուրքիոյ եւ Սփիւռքի հայերու մտածումներուն միջեւ տարբերութիւններ կան, որովհետեւ սփիւռքահայութեան կողմէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան ընդդիմանալը ինքնանպատակ չէ, այլ պարզապէս այդ սրբագրութիւնները կատարելը նախապայման կը նկատէ ապագայ անդամակցութեան։ Իսկ այդ սրբագրութիւններու որակին ու տարողութեան շուրջ գուցէ տարբեր կարծիքներ կան, որովհետեւ սփիւռքահայութեան կարծիքով այդ սրբագրութիւնները Պոլսոյ հայապատկան կալուածները իրաւատիրոջ վերադարձնելով չեն կրնար սահմանափակուիլ, այլ ցեղասպանական արարքով պատմական ամբողջ անարդարութիւն մը վերականգնելու հարց է։
Նոյն մեկնակէտէն կը մերժենք նաեւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանի մատնանշած հիմնաւորումը, ըստ որուն Թուրքիոյ անդամակցութիւնը դրական է, որովհետեւ «այդ պարագային Եւրոպական միութեան սահմանները պիտի հասնին մինչեւ Հայաստան», որովհետեւ ի վերջոյ ի՞նչ նշանակութիւն ունի Եւրոպական միութեան սահմաններու Հայաստան հասնիլը։ Հայաստանին համար կարեւորը ոչ թէ Եւրոպական միութեան սահմանակից ըլլալն է, այլ իր ազգային անվտանգութեան չսպառնացող եւ խլուած իրաւունքները չանտեսող երկիր մը որպէս սահմանակից ունենալն է։
Ուստի, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը մեծապէս դրական կրնայ ըլլալ միայն այն պարագային, երբ այդ երկիրը իր պատմութեան հետ հաշուի նստի եւ այդ պատմութենէն դասեր քաղելով՝ ինքնասրբագրման էական քայլեր առնէ։ Այդ քայլերը առնելու պարագային, կը վերանայ նաեւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանի միւս հաստատումը, թէ «Թուրքիոյ՝ Եւրոպական միութեան անդամակցութեամբ որոշակի վտանգ կրնայ յառաջանալ Եւրոպական միութեան երկիրներուն համար՝ իսլամական ահաբեկչութեան իմաստով»։ Որովհետեւ տրամաբանականօրէն էապէս սրբագրուած Թուրքիոյ մէջ պէտք է արմատախիլ եղած ըլլայ ոչ միայն իսլամական, այլ նաեւ ազգայնամոլական ահաբեկչութիւնը։ Իսկ ահաբեկչութիւններու վտանգ պարունակող Թուրքիա մը պիտի չհամապատասխանէ եւրոպական չափանիշներուն։
Հիմնական ինքնասրբագրութիւնը Թուրքիոյ առջեւ կանգնած կարեւորագոյն խնդիրն է, այլապէս գեղագիտական միջամտութիւններով ինքնասրբագրուած Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը վտանգ է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Եւրոմիութեան հաւասարապէս։
(*) «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր