

Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ կեդրոններ ունեցող հեղինակաւոր «Պլումզպերի» հրատարակչատան I. B.Tauris բաժանմունքէն լոյս տեսաւ դոկտ. Պենճըմին Ալեքսանտրի «Արարատը Ամերիկայի Մէջ. Ամերիկահայ Մշակոյթը Եւ Քաղաքականութիւնը 20րդ Դարուն» (Ararat in America: Armenian American Culture and Politics in the Twentieth Century) անգլերէն հատորը։
Հատորը մաս կը կազմէ փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանի խմբագրութեամբ հրատարակուող՝ Armenians in the Modern and Early Modern World շարքին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ հատորէն օրինակ մը ապսպրելու համար այցելել կայքէջը, իսկ 35 տոկոսի զեղչ մը ստանալու համար գործածել GLR AQ4 գաղտնաթիւը։