Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը 9 Յունուարին, միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Պաքուին՝ անյապաղ ազատ արձակելու Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ պատանդները։
Բանաձեւը ներկայացուած էր վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի կողմէ, իսկ համահեղինակն էր՝ վերահսկիչ Հոլի Միչըլ։
Առնուազն 36 հայ պատանդներ կը պահուին Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ։ Քաղաքական բանտարկեալներ են Արցախի քաղաքական եւ զինուորական 8 ղեկավարները, որոնք ձերբակալուեցան անցեալ տարուան Սեպտեմբերին։
Պարկըր շեշտեց, թէ Պաքու պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի միջազգային օրէնքները խախտելուն համար՝ յիշեցնելով, որ գաւառին մեծաթիւ հայ բնակչութիւնը մօտէն կը հետեւի այս իրադարձութիւններուն, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունին հայութեան վրայ։
Բանաձեւը, որմէ օրինակ մը պիտի յղուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին եւ քաղաքական այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու՝ կը շեշտէ, թէ բանտարկեալները կ՛ամբաստանուին կեղծ մեղադրանքներով եւ բանտարկուած են պարզապէս իրենց քաղաքական կամքը արտայայտելնուն համար։ Անոր միջոցաւ նաեւ կը պահանջուի պատժամիջոցներ հաստատել Պաքուի դէմ։
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի այս քայլը, որ լուսարձակի տակ կը պահէ Արցախի ժողովուրդին եւ հայ պատանդներուն դիմագրաւած տաժանքը։ Քաղաքական պաշտօնատարները եւ համայնքին իրաւանց ջատագովները իրենց կարելին պէտք է ընեն հայ պատանդներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան
Այս նպատակով քոնկրեսականներուն պահանջներ ներկայացնելու համար այցելել կայքէջը։