30 Դեկտեմբերին, Ասթարայի մէջ բացումը կատարուած է Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր սահմանային կամուրջ-անցակէտին, կը հաղորդէ իրանեան «Թանսիմ» լրատու գործակալութիւնը։
Բացման արարողութեան մասնակցած են Ատրպէյճան-Իրան միացեալ յանձնաժողովի համանախագահները՝ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ եւ Իրանի Ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մեհրտատ Պազրփաշ: