ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիա զայրացած է Աւստրիայէն, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բարձրաստիճան անդամներէն՝ Ալի Ռիզա Ալթունի Իրաք ճամբորդել արտօնած ըլլալուն համար։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Աւստրիան քննադատեց Ալի Ռիզա Ալթունը չձերբակալելու եւ փոխարէնը անոր Իրաք ճամբորդութիւնը արտօնելու համար։ «Աւստրիոյ ըրածը մեծ սխալ է… ասիկա վերջին բանն է, որ եւրոպական երկիր մը պէտք է ընէ», ըսաւ Կիւլ՝ Վիեննան ամբաստանելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային ջանքերը ոտնահարելու յանցանքով։
Խնդրոյ առարկայ անձը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն է եւ անոր ելեւմտական հարցերու աւագ պատասխանատուն։ Ան Թուրքիոյ, Եւրոպական միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ «ահաբեկի»չ կը նկատուի։ Ալթուն Աւստրիա մուտք գործած է Յուլիսի սկիզբը՝ փախուստ տալով Ֆրանսայէն, ուր Փետրուար ամսուան ընթացքին կարճատեւ բանտարկութեան ենթարկուած էր։
Կիւլ յայտնեց, որ «Աւստրիոյ մէջ ոստիկանութիւնը հաստատած է, որ Ալթուն կեղծ անձնագիր մը ունի, սակայն դարձեալ զինք օդանաւ դնելով Իրաք ղրկած է։ Ասիկա կարելի չէ ընդունիլ։ Ասիկա անհաւատալի է։ Անոնք գիտեն, թէ ան «Ինթըրփոլ»ի ձերբակալման հրամանագրի ենթակայ է, թէ ապօրինի գործունէութեանց առնչուած է եւ հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիոյ քաղաքացի մըն է եւ պէտք է Թուրքիոյ յանձնուի, զինք Իրաք կը ղրկեն»։
Թուրքիոյ մէջ Աւստրիոյ դեսպանը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է եւ անոր «շատ բուռն բողոք մը փոխանցուած է», ըսաւ Կիւլ։ Կիւլ յայտնեց, որ Թուրքիա ներկայիս կը ջանայ Իրաքէն Ալթունի յանձնումը ապահովել՝ աւելցնելով, թէ «մեր պաշտօնատարները սկսած են այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ»։
Կիւլի յայտարարութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ Իրաքի դեսպան Սապահ Ումրան արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է եւ Իրաքէն պաշտօնապէս պահանջուած է Ալթունը յանձնել։ Թուրքիա նախապէս Իրաքէն պահանջած էր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան շուրջ 150 անդամի յանձնումը, սակայն առայժմ անոնցմէ ոչ մէկը յանձնուած է Իրաքի կողմէ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը արդէն իսկ իրաքեան բանակին յանձնուած ամերիկեան զէնքերուն օգտագործուելուն շուրջ քննութիւն բացած է։ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութենէն գրաւուած 1260 զէնքերը ամերիկեան արտադրութիւն են։ Մենք այս իրականութիւնը Միացեալ Նահանգներուն փաստագրեցինք։ Այս զէնքերը անշուշտ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ուղղակիօրէն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան չեն փոխանցուած։ Ասոնք իրաքեան բանակի յանձնուած զէնքեր են։ Պաշտպանութեան նախարարը մեզ տեղեակ պահեց, թէ լուրջ քննութիւն մը ընթացքի մէջ է», ըսաւ Կիւլ։
Նախապէս Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան յայտնած էր, որ զէնքերուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու բացատրութիւնը Թուրքիան չէ բաւարարած։