Հայաստան 1 Յունուարէն սկսեալ, մէկ տարիով ստանձնեց Եւրասիական տնտեսական միութեան նախագահութիւնը:
Այս առթիւ, Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Մօտիկ ապագային կ՛ակնկալենք Հայաստանի վարչապետ, Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի եւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նախագահ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն՝ ԵԱՏՄի կառոյցներուն մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն նուիրուած»:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Հայաստանի նախագահութեան շրջանին նախատեսուած է իրականացնել շարք մը նախաձեռնութիւններ, մասնաւորաբար՝ ԵԱՏՄի կազմութեան 10ամեակին նուիրուած հաւաք Մոսկուայի մէջ: