Կիպրոսի պետութեան կատարուած յատուկ դիմումով, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի մարդասիրական առաջարկով Կիպրոս այցելեցին Արցախի վերջին պատերազմէն լրջօրէն տուժած եւ բռնի տեղահանուած 30 արցախցի պատանիներ եւ անոնց ընկերակցող երեք պատասխանատուները:
Անոնք այցելեցին Լառնաքայի «Նարեկ» վարժարանը եւ Ս. Ստեփանոս, Սուրբ Ղազար, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիները, Փաֆոսի քաղաքապետարանը, Կիպրոսի խորհրդարանը, Նիկոսիոյ թանգարանը եւ Լիմասոլի «Նարեկ» վարժարանը:


Պատանիները ընդունեցին Տամասու եւ Օրինիսի շրջանի առաջնորդ հայր Իսայիասը, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը եւ Նիկոսիոյ քաղաքապետը, որոնք զրուցեցին պատանիներուն եւ անոնց պատասխանատուներուն հետ:
Պատանիները նաեւ մասնակցեցան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանի նախաձեռնութեամբ հիմնուած «Նանօր» պատանեկան պարախումբերու խրախճանքին:
17 Դեկտեմբերին արցախցիները ներկայ եղան Ս. պատարագին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը հայ գաղութի անդամներուն հետ: Պատանիներուն համար անոնց ամբողջ կեցութեան ընթացքին իրականացան նաեւ տեսարժան վայրեր այցելութիւններ եւ ժամանցներ: