ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Յիշատակութեան արժանի են այն հայ բժշկուհիները, որոնք իրենց հետքը ձգած են իրենց կատարած գիտական-բժշկական իրագործումներով, ո՛չ միայն հայ իրականութեան մէջ, այլ նաեւ միջազգային բեմերու եւ հարթակներու վրայ: Անոնք եղած են գիւտարարներ եւ միջազգային բժշկութեան ու առողջապահութեան ռահվիրաներ: Անոնք բերած են իրենց բժշկական մասնագիտական եւ մարդասիրական անսակարկ օժանդակութիւնը՝ Հայաստանին եւ Արցախին, խաղաղ թէ պատերազմական օրերուն:
Յիշատակութեան արժանի են մասնաւորաբար այն բժշկուհիները, որոնք խորհրդային տարիներուն անարդարաբար ենթարկուած են իշխանութիւններուն բռնադատումներու, իրաւունքի ոտնահարման, բանտարկութեան եւ աքսորի:
Վերոյիշեալ տուեալները մղեցին զիս՝ պատրաստելու «Յիշատակութեան Արժանի Հայ Բժշկուհիներ Պատմութեան Ընթացքին» համեստ հատորը: Անիկա արդիւնքն է երկար ուսումնասիրութեան եւ ոչ-ամբողջական ծաղկաքաղ մըն է մարդու առողջութեան ծառայող եւ յիշատակութեան արժանի 56 հայ նուիրեալներու:
Հատորը կազմուած է երկու գլուխներէ. առաջին գլուխը կ՛ընդգրկէ 43 անուանի հայ բժշկուհիներու կենսագրութիւնը, իսկ երկրորդ գլուխը՝ 13 բռնադատուած հայ բժշկուհիներու:
Այս համեստ ուսումնասիրութիւնս թող նկատուի յարգանքի նուազագոյն տուրք մը յիշատակութեան արժանի մասնագէտ, միջազգային ճանաչում վայելող, ծառայասէր, հայրենասէր, բռնադատուած, նուիրեալ հայ բժշկուհիներուն հանդէպ:
Երբեք յաւակնութիւնը չունիմ անթերի գործ մը կատարած ըլլալու: Քա՛ւ լիցի: Արդեօք չկա՞ն «մեծ բացականեր»։ Այո՛, անշո՛ւշտ, կան: Այս 56 հերոսուհիներուն կողքին, կան այլ բազո՜ւմ-բազո՜ւմ անմոռանալիներ եւս, ցիրուցան՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Այս աշխատանքը թող ընդունուի՝ իբրեւ սկիզբ մը միայն, որովհետեւ կան մեզի անծանօթ քանի-քանի հայ բժշկուհիներ, որոնք կը կարօտին լայնածաւալ ուսումնասիրութեան:
«Յիշատակութեան Արժանի Հայ Բժշկուհիներ Պատմութեան Ընթացքին»ը դրած եմ ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան տրամադրութեան տակ:
Այս աշխատասիրութիւնը նուիրած եմ Գանատայի ՀՕՄին՝ նկատի ունենալով, որ հատորը կը խօսի հայ իգական սեռի առաքելութեան եւ հայ բժշկուհիներու կատարած առողջապահական-բժշկական ծառայութիւններու եւ հայ կեանքին մէջ անոնց ունեցած ազգային եւ հասարակական դերակատարութեան մասին:
Յատուկ շնորհակալութիւն ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, որ յանձն առաւ այս համեստ աշխատասիրութեանս հրատարակութիւնը: Անիկա լոյս տեսաւ 2023ի վերջաւորութեան:
Այս հատորը հարստացաւ ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Մեր Խօսքը»ով: Ահաւասիկ այդ խօսքը.
ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ ծնունդ առած է եւ ներշնչուած՝ Միջազգային Կարմիր Խաչի մարդասիրական եւ բարեսիրական սկզբունքներէն, իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ քաջ գիտակից ու հաւատարիմ իր խորիմաստ կոչումին՝ եղած է յոյսի ու լոյսի փարոս՝ առաջնորդելու մեր ազգի խոշտանգուած եւ տառապագին զաւակները դէպի անվտանգ ու ապահով ապաստաններ:
Այս վսեմ միութեան աշխարհասփիւռ անդամները ճիգ չեն խնայեր տալու իրենց լաւագոյնը՝ այնտեղ, ուր կարիքը կայ, ըլլա՛յ այդ նիւթական կամ բարոյական օժանդակութիւն: Անոնք կ՛աշխատին անխոնջ եւ կազմակերպ բանակայիններու կարգապահութեամբ՝ նպատակ ունենալով ծառայել իրենց գաղութի եւ հայրենիքի պէտքերուն եւ լայնատարած ծրագիրներուն: Անոնք այնտեղ են, ուր կայ հայ կեդրոն մը, դպրոց մը, հիւանդանոց մը, ծերանոց մը, կամ պատսպարան մը: Մէկ խօսքով՝ հոն են, ուր կարիքը կայ: Ազգային այս մեծ պարտականութեան ի խնդիր՝ «անկարելի» հասկացողութիւնը գոյութիւն չունի իրենց համար: Իւրաքանչիւր անդամ իր ունեցած արժանիքները կամ համեստ լուման ի սպաս կը դնէ՝ շարունակելու այն ազգօգուտ եւ նուիրական գործը, զոր սկսած են իր նախնիները՝ Հայոց պատմութեան մշուշէն մեզի ներկայացող գթութեան եւ անձնազոհութեան ռահվիրաները, որոնցմէ է Աղուիթան: Այս մեր առաջին հայ բժշկուհին՝ Սուրէն Իշխանի կինը դարձած է Գէորգ Կառվարենցի ներշնչման, ոգեւորութեան եւ հպարտութեան աղբիւրը: Ան ծանօթանալով այս բժշկուհիին օրինակելի բարեգործութեան՝ յիշած է զայն ՀՕՄի առաջին քայլերգին առաջին համարին մէջ, որպէսզի ան ընդմիշտ մնայ մեր առաջնորդը (mentor).
Կու գաս անցեալի ոսկուն մշուշէն,
Մեծ անձնուրացման գուպար ազգաշէն,
«Ով հայ սրտերու գորով աղուական,
Որուն մենտուհին եղաւ Աղուիթան»:
Այս տողերը մինչեւ օրս մեզ կը մղեն հաւատարիմ մնալու մեր մարդկային եւ ազգային առաքելութեան, եւ այդ պատճառով ալ ստանձնեցինք այս գիրքին հովանաւորութիւնը:
Այս առթիւ կ՛ողջունենք եւ բարձր կը գնահատենք հայ բժշկուհիներուն նուիրուած այսքան ծաւալուն աշխատութեան ետին կանգնած տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը: Վստահ ենք, որ մեզի նման դուք ալ հպարտութեամբ պիտի ծանօթանաք հեղինակին պրպտող միտքին եւ եռանդուն ոգիին արգասիքը հանդիսացող այս գիրքին հրաշալի հայ բժշկուհիներուն կեանքին եւ գործին: Պատկերներով եւ կենսագրականներով հարուստ այս գիրքը լոյս կը սփռէ ոչ միայն մեծաթիւ հայ բժշկուհիներու մարդասիրական եւ ազգասիրական ծառայութեան վրայ, այլեւ վեր կը հանէ հայ կնոջ թափած ջանքերը եւ ձեռքբերումները բժշկութեան պատմութեան, յառաջդիմութեան եւ զարգացման ի խնդիր:
Փա՛ռք ու պատի՛ւ բոլորին:
ՀՕՄ-Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ