Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 95ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Քուէյթի միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին առիթներով, Համազգայինի Քուէյթի կազմը Կիրակի, 3 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Քուէյթի «Ատուանի» արուեստի սրահին մէջ բացումը կատարեց «Արուեստը մշակոյթներու կամուրջ» խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէսին: Անիկա կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ Քուէյթի Մշակոյթի, արուեստներու եւ գրականութեան խորհուրդին:
Պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ էին Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան, հիւպատոս Արա Մաթեւոսեան, Քուէյթի Մշակոյթի, արուեստներու եւ գրականութեան խորհուրդի կերպարուեստի գծով տնօրէն Մոսայիտ ալ Զեմել, Քուէյթի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Կիրակոս Գույումճեան, Քուէյթի խորհրդարանի անդամ տոքթ. Հասան Ժոհար, Քուէյթի մէջ հաւատարմագրուած առաւել քան 12 երկիրներու դեսպաններ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Քուէյթի մեկուսի կազմի ատենապետ Արամ Յակոբեան, որ կարեւոր նկատեց այսպիսի ձեռնարկներու ընդմէջէն հայ եւ արաբ ազգերուն միջեւ արուեստի ճամբով ստեղծուած երկխօսութիւնը: Ապա Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ խօսք առին Դալար Գազանճեան, Քուէյթի Մշակոյթի, արուեստներու եւ գրականութեան խորհուրդի կերպարուեստի գծով տնօրէն Մոսայիտ ալ Զեմել, որոնք դրուատեցին Համազգայինի կատարած աշխատանքը եւ բարձր գնահատեցին արուեստի ճամբով մշակոյթներու երկխօսութեան միտումով կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը: Գազանճեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ջերմ յարաբերութիւնները եւ ողջունեց Քուէյթի պետութեան ունեցած կառուցողական մօտեցումը` հայութեան եւ հայկական արուեստին նկատմամբ:

Իր խօսքին մէջ Մոսայիտ ալ Զեմել գնահատեց ստեղծուած համագործակցութիւնը եւ յորդորեց յաճախ կազմակերպել եւ մասնակցիլ ձեռնարկներու` արուեստի զանազան բնագաւառներու մէջ եւ ժողովուրդին հրամցնել մեր արուեստի գործերը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 14 արուեստագէտներու աշխատանքներ, Քուէյթի եօթը արաբ եւ եօթը հայ նկարիչներու եւ քանդակագործներու ստեղծագործութիւններ: Բոլոր արուեստագէտները Համազգայինի կողմէ պարգեւատրուեցան յատուկ վկայականներով:
Դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան եւ Մոսայիտ ալ Զեմել ստացան Համազգայինի յուշանուէրները` առ ի նշան երախտագիտութեան:
Իսկ ձեռնարկի յաջողութեան մէջ իրենց իւրայատուկ ներդրումը ունենալնուն համար արուեստագէտ Ֆահատ ալ Հաժերի եւ կազմակերպող խումբի անդամ Սօսի Սիմիկեան պարգեւատրուեցան յուշատախտակներով: