ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Յաջողակ մարդոց արդար իրաւունքն է հպարտանալը: Երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքէ յոգնած մարդիկ իրաւունք ունին հպարտանալու, ո՛չ թէ անպայման իրենց ինքնասիրութիւնը շոյելու համար, այլ գէթ վայելելու իրենց թափած մեծ ճիգին արդիւնքը: Հպարտանալ բայը այստեղ չենք գործածեր իր սովորական ըմբռնումով, որ սին հպարտութեան իմաստով կը դրուի յաճախ, այլ՝ իբրեւ արդար վաստակի մը արդիւնք յայտնուող հպարտութիւնը՝ հոգին լեցնող, որ նաեւ ուրիշներուն կրնայ օրինակ հանդիսանալ:
Ինչ յաջողութիւն ալ ունենանք այս կեանքին ընթացքին, կը հպարտանանք. բնական երեւոյթ մըն է ասիկա: Աւելին՝ բան մըն ալ կ՛աւելցնենք վրան, բոլորին ծանուցելու համար, որ անիկա մեր ձեռքին գործն է… մեր մեծ ճիգին արդիւնքը:
Նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները, զորս կրած ենք մեր աշխատանքին ընթացքին, թէեւ որոշ չափով մոռացութեան կու տանք, սակայն առիթէ առիթ անոնք կը թարմանան մեր յիշողութեան մէջ, յանկարծակի յայտնութիւններով իրենց ներկայութիւնը կը փաստեն, յիշեցումներ կը կատարեն այն մտահոգութիւններուն մասին, որոնք ունեցեր էինք անցեալին: Ոմանք նոյնիսկ իրենց մարմինին վրայ ցաւ կը զգան, եթէ ֆիզիքական ծանր աշխատանքով յաջողութեան հասեր էին:
Մեծ դաս մը տուած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ յաջողութեան հասնելու գաղտնիքը յարատեւ գործելն է: Ոչինչ կ՛իրականանայ այս կեանքին մէջ, եթէ չշարժիս, չգործես, չյոգնիս: Կան ծուլութեան վարժուած մարդիկ, որոնք առաւօտուն երբ արթննան անգործութիւնը կը դիմաւորեն եւ կարծես կը սպասեն իրենց մահուան ժամուն, առանց հասկնալու, թէ ինչո՛ւ ընելիք չունին այդ օրուան ընթացքին: Եթէ ձախորդութեան մը հանդիպած ըլլալով՝ այդ կացութեան դատապարտուած են, ուրեմն պարտուած ըլլալու զգացումն է, որ զիրենք գետին կը տապալէ: Այսպիսիներուն առարկութիւնները անցեալին պատահած դէպքերու մասին անհիմն, ձանձրացուցիչ եւ անարժէք բացատրականներ են ընդհանրապէս: Պարզապէս ժամանակի կորուստ է ասոնց ունկնդրելը կամ ժամանակ տրամադրելը:
Ձախողեցա՞նք, ո՛չ միայն պատճառներ կը փնտռենք եւ անպայման կը գտնենք, այլ պատճառ եղողներ ալ յայտնաբերելով՝ զանոնք կը մեղադրենք, միայն մեր վրայէն հեռացնելու համար մեր սխալներուն պատճառով ձախողած ըլլալու ամօթալի երեւոյթը: Վստահօրէն կրնանք ըսել, որ ձախողութեան հարցերուն մեծ մասը մեր մէջ կը գտնուի, եւ ո՛չ թէ մեզմէ դուրս: Գլխաւոր յանցաւորը միշտ մենք ենք, եւ ո՛չ թէ ուրիշը: Անհատականէն մինչեւ մեր հաւաքական կեանքի մանրամասնութիւններուն մէջ եթէ կարենանք պահ մը մտնել եւ հարցերուն խորքը թափանցել, այս իրականութիւնը իբրեւ ճշմարտութիւն մեր դիմաց պիտի յայտնուի:
Պատճառ չգտա՞նք, արդէն լուռ յանցաւոր մը ունինք մեր մտքին մէջ՝ Աստուած…։ Գիտէ՞ք, որ մարդիկ երեւակայութեամբ աւելի կը տառապին քան իրականութեան մէջ…։ Ըլլա՛յ իրենց անհատական կեանքին մէջ, ըլլա՛յ տագնապալի երկրի մը թակարդին մէջ հաւաքաբար բռնուած ժողովուրդի մը զաւակները կը սկսին երեւակայածին պատկերներ ստեղծել իրենց միտքին մէջ, հաւատալ անոնց զօրութեան, իրենց կեանքին վրայ անոնց ազդեցութիւն ունենալու ուժին, եւ մանաւանդ անոնց կողմէ կործանման դատապարտուած ըլլալու իրենց դառն ճակատագիրին:
Անհաւատ, կամ լաւ եւս հաւատքով տկար մարդոց կողմէ վերցուած ամէնէն դիւրին քայլերէն մէկն է ձախորդութեան յանցանքը Աստուծոյ վրայ թողելու խեղճ սովորութիւնը: Անոնց մէջ կոյր հաւատացեալները ուրիշ սովորութիւն մըն ալ ունին. անոնք «մեղք» համարելով Աստուծոյ անունը իբրեւ իրենց ձախորդութեան յանցաւոր տալը՝ եղածը «ճակատագրի խաղ» կ՛անուանեն «ազնուութեամբ»: Ուրեմն, այստեղ Աստուծոյ տրուած ստորոգելիներէն մէկը կը հանդիսանայ «ճակատագիր»ը, անորոշ յանցաւորի մը շրջազգեստը հագած:
Պատահած է, որ հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ մահ պատահի: Աշխարհի ամէնէն սովորական այս երեւոյթին՝ մահուան հետ տակաւին հաշտութիւն չէ կրցած կնքել մարդ էակը, ի՛նչ խոստովանութիւններ ալ կատարէ կամ ի՛նչ հաւատքի արտայայտութիւններ ալ արտաբերէ իր շրթներէն: Ֆիզիքական կապը եւ շօշափելի կեանքին տարբեր երեսները այնքան խոր յիշատակներ կը թողուն մարդկային ուղեղին մէջ, որ սովորական յուզումով եւ լացով ակնթարթի մը մէջ չեն դարմանուիր: Իրենց կեանքի առօրեան երջանկութեամբ ապրող մարդոց մեծամասնութիւնը չի՛ մտածեր այն գաղափարին մասին, որ որեւէ մէկը մնայուն չէ այս կեանքին մէջ: Հոգեւոր ապրումներով եւ սուրբգրային ճշմարտութիւններով սնող անձը եթէ վարժութեան վերածէ իր միտքին մէջ յաճախ լղորճել վերոյիշեալ գաղափարը, բնականաբար երբ նման կացութեան դէմ յանդիման գտնուի՝ աւելի շուտ կը հաշտուի իրականութեան հետ:
Ճիշդ հակառակը կը պատահի երբեմն. մինչ այդ եկեղեցւոյ մէջ մնայուն ներկայութիւն եղող մարդիկ յանկարծ իրենց «ոտքը կը կտրեն» եկեղեցիէն, որովհետեւ իրենց սիրելի հարազատը մահուամբ ննջած է: Գլխաւոր «յանցաւոր»ին անունը առանց տալու, այս միամիտ հաւատքով կազմաւորուած եւ կեանքի բնականոն երեւոյթներուն անգիտակ անձեր ողբ ու կոծի արտայայտութիւններուն թիրախ կ՛ընտրեն կեանքի տուիչը: Առանց Աստուծոյ անունը յիշելու, անոնք «ինչո՞ւ»ներու տարափ կը տեղացնեն, յանցաւոր փնտռելու բացայայտ ճիգով: Պատահած է նաեւ, որ այդ «յանցաւոր»ին ներկայացուցիչը նոյն վայրին մէջ՝ հոգեւորականը, անոնց հարցումներու տեղատարափին դիմաց կանգնած՝ կրող դառնայ բոլոր տեսակի նախատինքներուն, որոնք հարցումներու մէջ ծածկուած կը թափին իր գլխուն. մէկը, որ մխիթարական խօսք ալ արտասանած էր եւ նոյնիսկ սգաւորներուն հետ միասին արցունք թափած…։
Նիւթին կամ նիւթական աշխարհին հետ շատ առնչութիւն ունեցող կեանք ունենալու հետեւանքներէն կարելի է համարել վերոյիշեալ կացութիւնը: Ոմանք իրենց յիշողութեան մէջ ոգեղէն յուշեր եւ քաղցր պահեր հաւաքելու փոխարէն, առարկաներ կը հաւաքեն իբրեւ յիշատակ այս կամ այն հարազատէն: Այսքանը՝ դրական. չենք ուզեր արտայայտուիլ ժառանգական հարցերու գծով ստեղծուած անհամութիւններուն, որոնք բոլորն ալ բացասական հետք կը թողուն հակառակորդ կողմերու հոգեկանին վրայ:
Կը տեսնէ՞ք, որ հետզհետէ աւելի բացայայտ կը դառնայ, թէ ո՛վ է բուն յանցաւորը, եւ թէ՝ ան որքա՛ն անիմաստ հարցներով կ՛ապականէ իր կեանքը: Աստուա՞ծ է յանցաւորը, երբ դուն չե՛ս կրնար լուծումներ բերել կեանքիդ ընթացքին յարուցուած հարցերուն: Աստուա՞ծ է յանցաւորը, երբ դուն ձախողած ես կեանքիդ այս կամ այն փուլին. իսկ երբ յաջողած ես, ներքին՝ երբեմն չափազանցուած հպարտութիւնդ չի՛ թողուր, որ Աստուծոյ անունը յիշես… Ան՝ որ բանական կարողութիւն շնորհեց, քեզ զատորոշելով անասուններէն, բնազդային կաղապարումէն դուրս բերաւ քեզ եւ քեզ մարդ կոչելով՝ իմաստութեան շնորհքով զարդարեց…։
Հրաժարի՛ր յանցաւոր փնտռելու ունակութենէդ, քու մէջը յայտնաբերելով բուն յանցաւորը: Փայլուն ապագադ իրականութիւն դարձնելու ուժը կամքիդ մէջ ամփոփուած է: Բջիջային հեռաձայնիդ մարտկոցը չսպառած՝ շուտով միջոցներու կը դիմես ելեկտրական հոսանքի կապելով լիցքաւորելու համար զայն. նման ջանք ի գործ դիր, որ երազներուդ իրականացման եռանդը հոգիիդ մէջ չմարած, զանոնք իրականութիւն դարձնելու ձգտիս, որպէսզի յետոյ յանցաւորներ չփնտռես: