Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան եւ Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին երկկողմ եւ շրջանային շարք մը հարցեր՝ կեդրոնանալով յատկապէս Կազայի եւ Արեւմտեան Ափին մէջ զարգացող իրադարձութիւնները, հաղորդեց իրանեան «Թասնիմ»ը:
Նախարարները ընդգծեցին, որ բանակցութիւնները եւ դիւանագիտական ջանքերը պէտք է շարունակուին շրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Իսրայէլի վրայ ճնշում գործադրելով՝ պարտադրել անոր, որ ընդունի զինադուլի դրութիւնը եւ դադրեցնէ Կազայի վրայ յարձակումը: