ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Արտաքինով խաղաղ թուացող ժողովուրդի բնակարաններուն մէջ, յաճախ գոյութիւն ունի դարերու խորքէն եկած ախտ մը՝ ընտանեկան բռնութիւնը, որ ընդհանրապէս քօղարկուած է լռութեան հաստ պատերով: Աւելի մօտէն ուսումնասիրելով այդ երեւոյթը՝ կրնանք բացայայտել անոր ոչ միայն ուղղակի ազդեցութիւնը բռնութեան ենթարկուած անհատներուն վրայ, այլ հասարակութիւններու զարգացման մակարդակին եւ հանգրուաններուն:
Այս ախտին արմատը եղած է ֆիզիքական ուժը, զոր բնութիւնը շնորհած է արական սեռին: Այդ ուժի գերակայութիւնը արական սեռին մօտ արտացոլուած է գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն կողմէ մեզի փոխանցուած առասպելներուն եւ դիւցազներգութիւններուն ընդմէջէն, որոնց մէջ միշտ նահապետները, առաջնորդները, ղեկավարները, կրօնական պետերը եւ փրկիչները արական սեռին պատկանողներ եղած են, ինչպէս՝ Պուտտա, Յիսուս, Մոհամետ, Մովսէս, մարգարէները, Հայթոռ, Հայկ, Սասունցի Դաւիթ, Վահագն, Զեւս, Ապողոն եւ այլն…: Ֆիզիքական ուժին շնորհիւ, նախապատմական մարդը եղած էր որսորդ, ընտանիքին ուտելիք ապահովող, պաշտպանող, կռիւի գացող, իսկ կինը՝ տունը պահող, զաւակներ ծնող, կերակրող եւ այլն…։ Հետեւաբար, նոյն ուժը գոյացուցած է հայրիշխանական համակարգը, որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ՝ մինչեւ մեր օրերը, եւ որուն մէջ քաղաքական ղեկավարութիւնը, բարոյական հեղինակութիւնը, ընկերային առաւելութիւնները, որոշելու իրաւունքը եւ նոյնիսկ սեփականութեան վերահսկողութիւնը գերազանցապէս կը պատկանին արական սեռին:
Պէտք է նշել, թէ ընտանեկան բռնութեան երեւոյթը գոյութիւն ունի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, սակայն տարբեր չափերով եւ անիկա առաւելաբար տարածուած է ցած եկամուտով խաւերուն մօտ: Օրինակ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, այդ մէկը կը տեսնենք առաջին հերթին սեւամորթ-ամերիկացի հասարակութեան մէջ: Ըստ Demographic and Health Survey of Women-ին՝ ափրիկեան ցամաքամասի երկիրներուն մէջ ամուսնացած կիներուն գրեթէ մէկ երրորդը ենթարկուած է ընտանեկան բռնութեան զանազան ձեւերու, ներառեալ՝ սեռային:
Ընտանեկան բռնութիւն կը նկատուի ֆիզիքական, սեռային, նիւթական, հոգեբանական, զգացական (emotional) եւ բանաւոր (verbal abuse) ճնշում բանեցնելը ընտանիքի անդամին կամ անդամներուն նկատմամբ:
Կիներուն հագուելիքն ալ թէեւ կրնայ տուեալ երկրին մշակոյթի արտացոլումը ըլլալ, սակայն, եթէ անիկա պարտադրուի՝ բնականաբար կը նկատուի բռնութեան դրսեւորում: Այդպէս է որ իսլամական հագ ու կապը եւ դէմքի քօղը, որոնք կը պարտադրուին Իրանի եւ այլ երկիրներու մէջ, բռնութեան արարք են: Անցեալ տարուան Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերու պատմութիւնը տակաւին թարմ է բոլորին յիշողութեանց մէջ. անոնք ծայր առած էին երբ քրտուհի Մահսա Ամինի իսլամական քօղը պատշաճ ձեւով հագած չըլլալուն պատճառով ձերբակալուած էր եւ ոստիկանատան մէջ կասկածելի պայմաններու տակ մահացած: Գիտենք Աֆղանիստանի մէջ կիներու պուրքան, որ ի տարբերութիւն քօղին, կանանց մարմինը ոտքէն գլուխ կը ծածկէ միայն աչքի բաժինը ճաղերու նմանող ձեւով բաց ձգելով, պարտադրուած է եւ զայն խախտողները ինչպիսի պատիժներու կ՛ենթարկուին, որովհետեւ իշխանութեան՝ Թալիպանի կողմէ հակաօրինական է, իսկ անցեալին անոնք կրնային նոյնիսկ սպաննուիլ:
Սեռային խտրականութիւնը եւս ընտանեկան բռնութեան մաս կը կազմէ, որովհետեւ կիներու հաւասարութեան իրաւունքին ուղղակի կամ անուղղակի ոտնահարում է: Այդ իրաւունքին անտեսումը կայ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն եւ նոյնիսկ գերպետութիւններուն մէջ: Այսօր, քանի՞ կին նախագահ կամ վարչապետ կայ երկիրներու ղեկին, երբ կանայք արական սեռին հետ համեմատած՝ առնուազն հաւասար թիւ կը կազմեն: Ամերիկա տակաւին կին նախագահ չէ ունեցած: Աւելին՝ նոյնիսկ աշխատավարձերու պարագային կայ անուղղակի սեռային խտրականութիւն, ներառեալ Ամերիկայի մէջ:
Ընտանեկան բռնութիւնները շարք մը երկիրներու մէջ, տակաւին օրէնսդրութեամբ եւ յստակօրէն հակաօրինական չեն կամ ոճիրի կարգավիճակ չունին, եւ դժբախտաբար անոնց կարգին էր նաեւ Հայաստան, որ թէեւ սահմանադրութեան թիւ 143 յօդուածով կը յիշատակէ, թէ ընտանեկան բռնութիւնը ապօրինի է, սակայն անիկա տարտամ է եւ ոչ-յստակ եւ շատ պարագաներու կախում ունի դատաւորներու հայեցողութենէն, եւ երբեմն նոյնիսկ աւանդական «թասիպը» նկատի ունենալով: Այդ պատճառով է որ Հայաստան ներառուած էր այդ երկիրներու ցանկին մէջ, մինչեւ այն ատեն, երբ միացաւ «Պոլսոյ ուխտ»ին (Istanbul Convention) եւ դուրս եկաւ Աֆղանիստանը, Իրանը եւ ափրիկեան երկիրները ներառող երկիրներու ցանկէն:
Միանալով «Պոլսոյ ուխտ»ին եւ որդեգրելով անոր մէջ ամրագրուած գաղափարները՝ չէր նշանակեր, որ մէկ օրէն միւսը ընտանեկան բռնութիւնները կրնան վերանալ Հայաստանէն։ Այդ մէկը երկար գործընթաց կ՛ենթադրէ, որովհետեւ մասնաւորաբար մարզերուն եւ գիւղական համայնքներուն մէջ դարերէ եկող աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները տակաւին գերիշխող են: Տղամարդու արժանապատուութիւնը եւ ընտանեկան «թասիպը» տիրական է: Այդ աւանդութիւններուն վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ տնտեսական եւ պատերազմներու պատճառած ծանր հոգեբարոյական վիճակը՝ կը ստանանք այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր ամէնէն փոքր կենցաղային վէճ մը կրնայ առաջնորդել ծեծ ու ջարդի եւ նոյնիսկ սպանութեան դէպքերու, որոնց մէջ բնականաբար միշտ կիներն են զոհերը:
Գիւղական շրջաններ այցելելով՝ անսովոր երեւոյթ չէ տեսնել տուներու առջեւ նստած եւ ծխելով զբաղած տղամարդիկ, մանաւանդ երբ վար ու ցանքի եղանակ չէ, մինչ կիները պէտք է զբաղին ընտանիքի հարցերով, զաւակները խնամելով, ուտելիքի հարցերով, նոյնիսկ տնամերձ հողատարածքի բանջարանոցը ոռոգելով, մոլախոտերը հեռացնելով եւ այլ գիւղատնտեսական գործերով: Կիները նոյնիսկ յղիանալու որոշումը տալու կամ հրաժարելու իրաւունքէն զրկուած են: Անշուշտ, քաղաքներու մէջ այս երեւոյթը շատ աւելի նուազ տեսանելի է։ Կիները ընդգրկուած են ամէն տեսակի պաշտօններու մէջ, սակայն տնային աշխատանքներու բեռը հաւասարապէս բաժնուած չէ անոնց եւ տղամարդոց միջեւ, եւ իրենց բեռը տակաւին աւելի ծանր կը կշռէ: Կիները նոյնիսկ ընկերային յարաբերութիւններու առումով հաւասար վերաբերմունքի չեն արժանանար, օրինակ՝ խորթ երեւոյթ է կիներու ձեռքը սեղմելով բարեւել, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իսլամական երկիրներուն մէջ:
Այս ընկերային յոռի երեւոյթին սրբագրումը ակնյայտօրէն երկար ժամանակի կը կարօտի. անիկա կ՛ընթանայ զուգահեռ տնտեսական վիճակի բարելաւման հետ:
Պէտք է սկսիլ դպրոցական տարիքէն դաստիարակել նոր սերունդները, բացատրելով սեռային հաւասարութեան հասկացութեան եւ կիներու իրաւունքներու հաւասարութեան մասին: Այդ իրաւունքներու ճանաչումը եւ կիրառումը միայն կ՛օգնեն ազգի յառաջդիմութեան եւ զարգացման, տնտեսութեան բարգաւաճման, նաեւ ազգային անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման, երբ կիները ընդգրկուին երկրի պաշտպանութեան համակարգին մէջ:
Արդի արհեստագիտական բանականութեան ընձեռած կարելիութիւնները, արական սեռի մկանային ուժի անհրաժեշտութիւնը նուազագոյնի իջած է: Հեռահար, կիբեր (cyber) եւ խառնածին մարտավարութեան մէջ կիները ամբողջական մասնակցութեան ատակ են, ինչպէս շարք մը զարգացած երկիրներու բանակներուն մէջ:
Ինչպէս ամէն ինչ ունի իր թէ՛ դրական եւ թէ բացասական կողմերը, կիներու հաւասարութեան իրաւունքը ունի նոյնպէս իր բացասական կողմը՝ ժողովրդագրական աճի պատկերի հաւանական բացասական փոփոխութիւնը: Կիներու զարգացածութեան բարձրացումը եւ որոշումներ տալու իրաւունքը, ինչպէս՝ արեւմտեան եւ այլ զարգացած երկիրներու մէջ, անպայմանօրէն պիտի յանգեցնեն բնակչութեան աճի նուազեցման, որ ինքնին ժողովրդագրական աղէտ է եւ ներկայիս լուծում չունի: Մինչեւ այդ լուծումին գտնուիլը թերեւս մենք անոր առաջքը առնենք մեր տնտեսութեան հզօրացումով, ստեղծելով այն երկիրը, ուր Սփիւռքի տարածքին սփռուած մեր հայրենակիցներուն համար այլեւս ձեռնտու եւ շահաւէտ ըլլայ հայրենադարձութիւնը եւ երկրին մէջ արարելը:
Վերջապէս, պէտք է գիտակցիլ, որ կինը ամէն ինչով հաւասար է այր մարդուն: