Արցախի Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդին հաղորդած տեղեկութեան համաձայն՝ Ատերպէյճան յայտարարած է, թէ Հադրութի Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին պիտի վերականգնի իբրեւ աղուանական:
«Հադրութ քաղաքի նոր մշակուած յատակագիծով, յառաջիկային, հնագիտական պեղումներէ ետք, եկեղեցին պիտի վերականգնի իբրեւ աղուանական: Կը նախատեսուի նաեւ այնտեղ ստեղծել «աղուանական» մշակոյթը ներկայացնող թանգարան մը», կը նշուի տեղեկագիրին մէջ: