30 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովներու հանդիպումը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագիծի Իջեւան եւ Ղազախ հատուածին մէջ:
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն յայտնեցին, որ հանդիպումին պիտի մասնակցին ոչ միայն երկու երկիրներու փոխվարչապետերը, այլ նաեւ յանձնաժողովներու միւս անդամները:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները եւս յայտնեցին, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Իջեւան ու Ղազախ հատուածին մէջ:
Ատրպէյճանէն եղան առաջարկներ՝ սահմանին վրայ բանակցելու, որուն իբրեւ պատասխան, Երեւանէն յայտարարեցին, թէ կ՛առաջարկեն պետական սահմանին վրայ իրականացնել սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպումը: