
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 12 Նոյեմբերի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Օմնի» պանդոկի սրահին մէջ, լուսարձակի տակ առնելով Արցախի մէջ այս տարի տեղի ունեցած Հայոց երկրորդ Ցեղասպանութիւնը եւ անկէ վերապրողներուն զօրակցելու հրամայականը։
Ամբողջութեամբ լեցուն սրահին մէջ կային համայնքի գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք իրենց ներկայութեամբ հաստատեցին միասնական ճակատով աշխարհին ներկայանալու ընտրանքին կարողականութիւնը։
Ձեռնարկը սկսաւ Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներով՝ կատարողութեամբ Ալին Առուստամեանի, որմէ ետք ներկայացուեցան առաւել քան 45 դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական մարմիններու պաշտօնակատարները։
Այնուհետեւ, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետները՝ իրաւաբաններ Լինա Դաւիթեան եւ Քրիսթին Մակարեան արտասանեցին բարի գալուստի իրենց խօսքերը, իսկ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան զոյգ թեմերու եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները միասնաբար կատարեցին բացման աղօթքը։


Ձեռնարկը շարունակուեցաւ անցեալ տարուան ձեռնարկին կազմակերպութեան »Ազատութեան« մրցանակը ստացած, իսկ այժմ Պաքուի մէջ բանտարկուած դոկտ. Դաւիթ Բաբայեանի նուիրուած տեսանիւթի մը սփռումով։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան փոխանցեց կազմակերպութեան պատգամը. ան շեշտեց, թէ բոլորին համար յստակ է, որ Հայաստան պիտի կարենայ գոյատեւել միայն խաղաղ պայմաններու շնորհիւ, սակայն ան շեշտեց, թէ խաղաղութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ արդարութեան վրայ։ Ան աւելցուց, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան պատասխանատուները պէտք է պատժուին եւ Արցախի ժողովուրդը պէտք է ապահով վերադարձի իրաւունքը ունենայ։
Նշենք, որ ձեռնարկին ներկայ էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Սիւնիքէն Քալիֆորնիա հրաւիրուած քաղաքական պատուիրակութեան անդամները, որոնք ներկայացուեցան սրահին՝ արժանանալով ջերմ ծափահարութեան։
Այնուհետեւ տեղի ունեցան մրցանակներու յանձնումը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ իրաւաբան Անահիտ Օշական եւ Սագօ Պէրպէրեան բեմ հրաւիրեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պեսը, որ կազմակերպութեան »Արդարութեան Ջատագով« մրցանակը յանձնեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեանին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Հերմինէ Փախանեանս եւ վարչութեան խորհրդական իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան կազմակերպութեան «Միջազգային Արդարութեան Ախոյեան» մրցանակը յանձնեցին Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյին:


Ապա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լինա Դաւիթեան եւ փոխատենապետ իրաւաբան Ռաֆֆի Գասպարեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ռանըլտ Ռեկընի ճառերու հեղինակ Քեն Խաչիկեան կազմակերպութեան «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակը յանձնեցին դեսպան Էտուըրտ Ճերէճեանին։
Ընթրիքէն ետք, մեծարուեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ամառնային եւ աշնանային վարժողական ծրագիրներու մասնակցողները՝ կազմակերպութեան համայնքային զարգացման վարիչ Եդուարդ Պարսումեանի եւ կառավարական հացերու վարիչ Ռուբէն Կարապետեանի ձեռամբ։
Այնուհետեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լենա Պօզոյեան եւ Ռաֆֆի Գասպարեան կազմակեռպութեան «Ժառանգութիւն» մրցանակը յանձնեցին այս տարի մահացած պատմագէտ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի դստեր՝ Անի Յովհաննէսեանին:
Ձեռնարկը նաեւ առիթ եղաւ մեծարելու այս տարի մահացած Հայ Դատի երկար տարիներու գործիչ Սթիւ Արթինեանը, որուն անունով հաստատուած «Տեսլական ունեցող գործիչ» նոր մրցանակը յանձնուեցաւ Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լենա Յովհաննէսեանին, վարչութեան անդամներ Լենա Պօզոյեանի եւ իրաւաբան Այգ Տիքիճեանի ձեռամբ:


Ապա, Լինա Դաւիթեան եւ Լեւոն Կիրակոսեան »Վահան Քարտաշեան« մրցանակը յանձնեցին վաստակաւոր գործիչ Մայքըլ Մահտեսեանին, որուն յանձնեցուեցաւ նաեւ Քոնկրեսի շէնքին վրայ ծածանած ամերիկեան դրօշակ մը, քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի ձեռամբ։
Վերջաւորութեան, Այգ Տիքիճեան եւ Անահիտ Օշական »Լրատուական ոլորտի գերազանցութիւն« մրցանակը յանձնեցին լրագրող Էլինա Աբովեանին:
Նշենք, որ ձեռնարկէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ Ուաշինկթընէն անմիջական քայլեր պահանջեց Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնահարումները կասեցնելու նպատակով: Մամլոյ ասուլիսն մասնակցեցան նաեւ Շըրմըն, Գրիգորեան եւ Օքամփօ։
Յիշեցնենք, թէ ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի նուիրէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։

