Պրիւքսէլէն յայտարարեցին` հայկական կողմը պատրաստ է շարունակել բանակցութիւնները, մինչդեռ Պաքուն այդ մասին հաւաստիացումներէն բացի պէտք է նաեւ քայլեր ձեռնարկէ` գործով ապացուցելու համար:
«Կայ տպաւորութիւն, որ կարծէք, Կրանատայի հանդիպումէն ետք, որուն Իլհամ Ալիեւ չմասնակցեցաւ, մենք կորսնցուցինք յաջողութեան հասնելու պահը», «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան ըսաւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:
Օրեր առաջ Ատրպէյճան յայտարարեց, թէ կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութիւնը, բայց պատրաստ է շարունակել բանակցութիւնները պրիւքսէլեան ձեւաչափով: Պրիւքսէլէն յայտարարեցին՝ պատրաստ են օր առաջ հանդիպում կազմակերպել, սակայն յառաջընթաց չկայ տակաւին: