17 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9։37ին, Երեւան քաղաքի Ալեք Մանուկեան փողոցին վրայ գտնուող Երեւանի պետական համալսարանի Քիմագիտութեան բաժանմունքի նկուղային յարկին մէջ հրդեհի մը բռնկումով պատահեցաւ պայթում մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան զոհ մը եւ երկու վիրաւորներ։
Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը՝ մանրամասնելով. «Սենեակը նախատեսուած է պոմպակայանի համար, որը ծառայում է նաեւ որպէս աշխատակիցների հանդերձարան: Կից սենեակը քիմիական նիւթերի պահեստն է, որտեղ հրդեհ չի եղել: Քիմիկների կողմից տեղում իրականացուել է հետախուզում. օդում վտանգաւոր գազեր չեն յայտնաբերուել»։

Շուտով դէպքի վայր հասան Երեւան քաղաքի եւ Փրկարարական ուժերու վարչութիւններու հրշէջ-փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժիններու հերթապահ խումբերը, Ճառագայթային, քիմիական եւ կենսաբանական իրավիճակի դիտարման բաժնի խումբը եւ բժշկական ապահովման վարչութեան խումբը:
Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն` Երեւանի պետական համալսարանի աշխատակիցներէն մէկը տեղւոյն վրայ զոհուած է, հիւանդանոց փոխադրուեցան երեք անձեր, որոնց կարգին պարեկային ծառայութեան աշխատակից մը, որուն վիճակը կայուն է։
Դէպքի վայրին մէջ Հայաստանի քննչական կոմիտէի աշխատակիցները կատարեցին համապատասխան գործողութիւններ` դէպքի հանգամանքները պարզելու համար: