Ֆերահեան Ազգային վարժարանի Հայ մշակոյթի օրուան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 3 Նոյեմբերին: Ներկայ էին՝ տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, առաւել քան 500 աշակերտներ եւ շուրջ 700 ծնողներ, որոնք անհամբեր էին ու խանդավառ՝ վայելելու հայ մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկը:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` յարգելու Արցախի հին եւ նոր նահատակներու յիշատակը:
Իբրեւ ազգային վարժարանի տնօրէնութիւն եւ հայկական բաժանմունքի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ՝ յարմար նկատեցին աւանդութիւն դարձած Հայ մշակոյթի օրուան յիշատակումը այս տարի նուիրել Արցախի զօրակցութեան գաղափարին:
Հանդէսը վարեցին 12րդ կարգի աշակերտներէն Արիանա Պարսամ, Թալին Նահապետեան եւ Տիգրան Աբոշեան: Իրենց բացման խօսքին մէջ, անոնք անդրադարձան այն իրողութեան, որ Արցախի հողային տարածքներու վերջին կորուստը եւ ահաւոր աղէտը հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ յառաջացուցած են տագնապ, յուզում եւ անմարդկային արարքներու ու անարդարութեան դէմ պոռթկում, ինչպէս նաեւ շեշտեցին Հայաստանին ու Արցախին թիկունք կանգնելու կարեւորութիւնը՝ նկատի ունենալով այսօրուան այն իրողութիւնը, երբ վտանգուած են մեր ազգային ինքնութիւնը, հայրենիքը եւ Արցախը:


Արցախին նուիրուած գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Արցախին եւ հայ մշակոյթին նուիրուած երգեր ու պարեր, որոնք զգացական եւ յուզիչ մթնոլորտ մը ստեղծեցին աշակերտութեան եւ բոլոր ներկաներու հոգիներուն մէջ. անոնք ներշնչուեցան յոյսով եւ հայրենիքին ու Արցախին աւելի եւս զօրակցելու վճռակամութեամբ: Հանդիսատեսները եւ ծնողները իրենց սիրելի զաւակներու հոգիներունն մէջ տեսան Արարատ լեռը եւ Արցախի Մամիկն ու Պապիկը:
Յայտագիրը ճոխ էր, հայաշունչ, ոգեւորող եւ ակնյայտ էր ծնողներու հպարտանքի զգացումները եւ սիրտի գոհունակութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին, Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան Հայկական բաժանմունքին ու Հայ մշակոյթի օրուան ձեռնակին յաջողութեան սատար հանդիսացող բոլոր անձնաւորութիւններուն աշխատանքները գնահատեց եւ իր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին:
Եզրափակիչ ելոյթով, վարժարանի աշակերտները միասնաբար երգեց «Կարմիր Կակաչները» երգը, որուն ընկերացան տնօրէնութեան կազմը, ուսուցիչ-ուսուցչուհիները եւ հանդիսատեսները, թնդացնելով ամբողջ սրահը:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)