
Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, Փասատինա քաղաքի Պլեր վարժարանի Հայկական Ճեմարանի (Blair School Armenian Academy) աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ տօնեցին հայկական մշակոյթի օրը:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս աշակերտները հաւաքուեցան վարժարանին շքեղ հանդիսասրահին մէջ եւ վայելեցին հայկական արուեստով լեցուն օր մը:
Յայտագիրը սկսաւ ճեմարանի վարիչ Նորայր Տատուրեանի խօսքով. ան ըսաւ, որ մշակոյթի կենսունակութիւնը հայու ինքնութեան արտացոլացումն է: Ան աշակերտները խրատեց՝ թէ պէ՛տք է ծանօթանալ հայ մտքի ստեղծագործութիւններուն հետ, պէ՛տք է ապրիլ անոնց հետ շրջապատուած: «Պէտք է արտադրել, ո՛չ միայն սպառել. երգել, ո՛չ միայն ունկնդրել. պարել, ո՛չ միայն դիտել», ըսաւ ան:
Այս բարոյախօսութիւնը գործնականի վերածելու համար, դպրոց հրաւիրուած էին երկու արուեստագէտներ: Անոնք լայն բացուած սեղաններու վրայ ցուցադրեցին իրենց արուեստի գործիքները եւ լաւագոյն նմուշները:
Առաջին հիւրը երգի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ, երաժշտական մարդաբան (anthropologist) Արիկ Գէորգեանն էր: Ան ներկայացուց հայկական երաժշտական տոհմիկ նուագարանները, ինչպէս՝ ծիրանափողը, շուին, պարկապզուկը, զուռնան, տհոլը եւ պկուն: Գէորգեան թէ՛ նուագեց զանոնք եւ թէ բացատրութիւններ տուաւ, թէ իւրաքանչիւր նուագարան ինչպէ՛ս կը շինուի եւ զանոնք շինելու համար ի՛նչ նիւթեր կը գործածուին (փայտի տեսակը եւ այլն): Հիւր երաժիշտը նաեւ հիմնական գիտելիքներ տուաւ հայկական ազգային երաժշտութեան սկզբունքներուն եւ ակունքներուն մասին: Ան բոլորը զարմացուց՝ բացայայտելով, թէ աքորտէոնը (ձեռնադաշնակ), որ ըստ ընդհանրացած կարծիքի, իտալական կամ ֆրանսական կրնան ըլլալ, իրականութեան մէջ հնարուած է 1829ին Վիեննա բնակող հայ նուագարանագործ Կիւրեղ Դէմեանի (Cyrill Demian, ծնեալ 1772-79, Կեռլա (Արմէնոպոլիս), Ռումանիա, մահացած 1847-49ին, Վիեննա, Աւստրիա) կողմէ: Ապա աշակերտները ցուցադրուած գործիքները շօշափելու, նուագելու կամ նուագելու փորձ մը կատարելու առիթը ունեցան:

Երկրորդ հիւրը հայկական տարազի մասնագէտ, գեղանկարիչ, ձեւաւորող Այլին Պօղոսփուռն էր: Ան ցուցադրեց հայկական տարազներու լուսանկարներ, հայկական ասեղնագործութեան ընտիր նմոյշներ եւ այդ արհեստին պատկանող գործիքներ: Սահիկներու իր ներկայացումին մէջ Պօղոսփուռ խօսեցաւ հայկական տարազի, կերպասի, գորգագործութեան, ժանեակներու եւ երկրաչափական ասեղնագործութիւններու մասին: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունին ծառը, նուռը, կեռխաչը եւ թէ՝ միջնադարուն հայերը ինչպէ՛ս ձեռք կը բերէին բնական ներկեր: Արուեստագէտ հիւրը աշակերտներուն ցոյց տուաւ հիւսելու քանի մը ցուցմունքներ, ապա հետաքրքիր պատանիները քանի մը տող հիւսելու առաջին փորձ մը կատարեցին:
Ապա եկաւ համադպրոցական պարի ժամը: Ամբողջ դպրոցը, սրահի կեդրոնը մէջ մէջի երկու օղակ կազմեց եւ պատրաստուեցաւ հնադարեան Փափուռի պարը պարելու: Տատուրեան օղակին մէջ բոլորին բացատրեց, թէ Փափուռին չարխափան պար է: Այդ պարը ունի տասը ոտնահարուածներ: Ըստ հին հաւատալիքի՝ չարը կ՛ապրի իր ստորերկրեայ մութ աշխարհին մէջ, սակայն, երբեմն դուրս կը հանէ իր տգեղ գլուխը եւ կը փորձէ աւրել մարդոց կեանքը: Բայց հայը ուս-ուսի բռնած՝ կը պարէ Փափուռին, որպէսզի չարը վերադառնայ երկրի խորերը եւ մենք մեր հողին վրայ ապրինք խաղաղ եւ ուրախ: Ապա, Արիկ Գէորգեանի աքորտէոնի հնչեղ ձայնը լսելով եւ պարուսոյցներ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերու ցուցմունքներուն հետեւելով՝ աշակերտները եւ անոնց ուսուցիչները ուս-ուսի պարեցին Փափուռին:
Յայտագիրը վերջացաւ աւարտական դասարանի «ընտանեկան» խմբանկարով, ուր աշակերտները 19րդ դարու արուեստասէր հայ ընտանիքի մը տաղանդաւոր երաժիշտ որդիները եւ դուստրները դարձան:
(Թղթակցութիւնը՝ դպրոցէն)