ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Երկու կարեւոր օրեր կան մարդու կեանքին մէջ. առաջինը այնքան շատ կը շեշտուի տարեդարձներով, որ յաճախ իր իմաստային կարեւորութիւնը կը կորսնցնէ՝ տեղ տալով խրախճանքներու, կարկանդակի հատման եւ երբեմն նուէրներ ստանալու չափազանցուած քաղաքավարութեան: Ծննդեանդ օրն է այդ: Ծնունդդ կամքէդ անկախ տեղի կ՛ունենայ, երբ Աստուծոյ օրհնութեամբ լոյս աշխարհ կու գաս իննամսեայ անհոգ ու երջանիկ դրութենէդ ակամայ զրկուելով:
Երկրորդ կարեւոր օրը այն է, երբ կ՛անդրադառնաս թէ ինչո՛ւ եկած ես այս աշխարհը. այսինքն՝ ի՞նչ էր Աստուծոյ ծրագիրը քեզի համար: Երբեմն, ոմանց պարագային, այս երկրորդ գիտակցութիւնը կա՛մ շատ կ՛ուշանայ, կա՛մ երբեք չի յայտնուիր: Քիչ չէ՛ թիւը այն մարդոց, որոնք մեկնած են այս աշխարհէն առանց իմանալու, թէ ինչո՛ւ ծնած են իրենք:
Չենք ժխտեր այն իրողութիւնը, որ կեանքի ընթացքը դիւրին չէ: Երբեմն ամէնէն հանգիստ պայմաններ ունեցող մարդոց պարագային եւս դիւրին չ՛ըլլար անցնիլ այս կեանքի փորձութիւններուն բովէն: Հեռուէն դիտողին համար, բամպակէ բարձերու վրայ ընկողմանած մարդիկ յաճախ շատ աւելի ծանր մտահոգութիւններով կ՛անցընեն իրենց առօրեան, քան հազիւ իր հանապազօրեայ հացը վաստակող մարդը: Այս հաստատումին բացատրութիւնը այն է, որ իւրաքանչիւր դասակարգի մարդ իրեն յատուկ մտահոգութիւններ ունի. հարուստը եւ փարթամ կեանքով ապրողը իրեն յատուկ, համեստ դասակարգի պատկանողը՝ իրեն յատուկ:
Վերոյիշեալ երկու խումբերուն միջեւ գտնուող գլխաւոր գործօնը նախանձն է, որ յաճախ ժամավաճառ կը դարձնէ կողմերը: Յատկապէս տկար կամ կարիքաւոր կողմին հայեացքը դէպի ունեւորին ստացուածքը, անիմաստ ժամանակի վատնումով կը բնորոշուի, որուն փոխարէն ան կրնար դրական գործի լծուիլ եւ յաւելեալ աշխատանքով բարելաւել իր կեանքը:
Նախանձի գունաւորումներուն մասին բարոյագիտութիւնը լայն բացատրութիւններ տուած է արդէն, երբեմն «բարի նախանձ» որակումով մեղմելով անոր սաստկութիւնը, եւ ունեւորին նմանելու ձգտում յայտնաբերելով կարիքաւորին միտքին մէջ: Դրական իմաստով երբ ընդունինք տուեալ կացութիւնը, արդէն նախանձ բառը պէտք է ամբողջութեամբ ջնջենք: Սակայն կը տեսնենք, որ դէպի ունեւորին ստացուածքը նայելու երկու կերպեր կան մարդոց աչքին մէջ: Ոմանք անոնց ունեցուածքին կը նային այնպէս, որ իրենք ալ օր մը նոյնքան հարստութիւն դիզեն, բարօր կեանքով ապրին, այլոց օժանդակութեան կարիքը չունենան. իսկ ուրիշներ ընդհանրապէս չեն ուզեր, որ անոնք այդ հարստութեան տէրը ըլլան, հանգիստ ապրին կամ ճոխութեամբ վայելեն իրենց կեանքը. այսինքն կը ցանկան, որ անոնք զրկուին այդ ունեցուածքէն…։
Իւրաքանչիւր անձի կազմաւորումը, կրթութիւնը, ծնողական դաստիարակութիւնը, ընկերային միջավայրը եւ մանաւանդ աշխարհայեացքը մեծ դեր ունին, որ վերոյիշեալ նախանձի երկու տեսակներէն մէկուն կողմը յարի ան: Ներքին ձայնին պատասխանը միայն տուեալ ենթակային լսելի կը դառնայ նախ, յետոյ գործով միայն արտայայտութիւն կը գտնէ, երբեմն շատ տխուր հետեւանքներու մէջ դնելով զայն:
Աշխարհակալ Մեծն Աղեքսանդրի կենսագրութեան մէջ արձանագրուած է, որ զօրավարը իր կտակին մէջ գրել տուեր է, որ դագաղէն դուրս եւ բաց ափերով թաղեն զինք: Բարոյական դաս տալու համար մարդկութեան՝ աշխարհակալը ուզած է իր մահով եւս փաստել, որ դատարկ ձեռքերով այս աշխարհ եկող մարդը, դատարակ ձեռքերով ալ պիտի մեկնի անկէ:
Չքաւորութենէ ինքնաբաւ կեանքի հասած անձի մը համար կը պատմէին, որ վախնալով կուտակած ստացուածքին սպառումէն՝ շատ համեստ կեանքով, չըսելու համար կծծիութեամբ կ՛անցընէր իր օրերը: Ոմանք օգնելու համար արդէն տարիքի մէջ յառաջացած այս ողորմելիին՝ կը փորձեն խօսիլ կեանքի սահմանափակ օրեր ունենալուն մասին, եւ այն, որ լաւ կ՛ըլլար, եթէ գէթ վայելէր իր այնքան տքնաջան աշխատանքով հաւաքած հարստութիւնը: Վերջապէս, տեսնելով որ արդէն սովորութեան վերածուեր է անոր մէջ խեղճ կեանքով ապրելակերպը՝ կը յայտնեն, որ նոր տեսակի դագաղներ սկսեր են արտադրել ընկերութիւններ, որոնք ննջեցեալի պառկելու մասին տակը դարակներ ունին…։ Ենթակային աչքերը նախ լայն կը բացուին, սակայն շուտով կ՛անդրադառնայ, որ իր զրուցակիցները իր վրայ կը ծիծաղէին…։
Այո՛, ոմանց այնպէս կը թուի, որ իրենց հաւաքած հարստութիւնը դագաղի դարակներուն մէջ պիտի լեցնեն եւ իրենց հետ տանին միւս աշխարհ: Այստեղի ամէնէն բարձրարժէք դրամանիշերն իսկ արժէք չունին միւս կեանքին մէջ: Այսինքն, դագաղի դարակներուն մէջ շարուած թղթադրամները (որքան ալ տեղ ունենան այդ դարակները), անպէտք թուղթերու նման պիտի թափուին, նոյնիսկ այրելով՝ շրջապատը տաքցնելու պիտի չծառայեն, այլ խոնաւութենէ փտին ու փճանան: Ոմանք նոյնիսկ առիթ չեն ունենար իրենց հարազատներէն մէկուն կամ միւսին կտակելու իրենց հարստութիւնը, երբ մահը յանկարծ կը հասնի գողի նման, որ ո՛չ թէ իրենց դրամը, այլ իրենց կեանքը կը գողնայ ու կը տանի…։
Միաստուածեան կրօններէն երկուքը՝ Մովսիսականը եւ Իսլամը, տակաւին կը շարունակեն պատանքել իրենց ննջեցեալները եւ այդպէս յուղարկաւորել այս աշխարհէն: Դեռ աւելին` իսլամութեան պարագային կայ մեռելը լոգցնելու սովորութիւնը, զոր որոշ իսլամական երկիրներու մէջ ապրող քրիստոնեաներ եւս որդեգրած են, որոնց շարքին նաեւ հայեր, որոնք անմիջապէս կը լուան դիակը, հանգուցեալի ամէնէն շատ սիրած զգեստը հագցնելով անոր, նախքան մարմինին սառիլը:
Նոր կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Ղազարոսի յարութեան ժամանակ, չորս օրուան մեռելը գերեզմանէն դուրս եկաւ պատանքուած վիճակով, եւ Յիսուս հրամայեց շուրջիններուն, շուտով քակել անոր պատանքը եւ ձգել որ երթայ (տե՛ս Յհ. 11.44):
Անոր քոյրերը՝ Մարիամը եւ Մարթան, ինչպէս կը յիշուի Նոր Կտակարանին մէջ, շատ լացին մահուան ատեն, եւ նոյնիսկ իրենց տան հարազատ Յիսուսը տեսնելով՝ ըսին, որ եթէ ինք ներկայ ըլլար, իրենց եղբայրը չէր մեռներ: Հակառակ աներ որ անոնք այդքան կապուած էին իրենց եղբօր, սակայն անոր հետ ո՛չ ուտելիք եւ ոչ ալ դրամ թաղած էին, որովհետեւ պատանքը գրպան չունենար, որ զայն լեցնես, միւս աշխարհ երթալէ ետք այնտեղ լեցուցածդ գործածելու համար:
Այո՛, պատանքը գրպան չունենար: Որքա՜ն ալ հարստութիւն դիզես, կամ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին միայն նիւթական հաշիւներով օրօրես ժամանակդ, վերջապէս ամէն ինչ այստեղ պիտի թողուս եւ ձեռնունայն մեկնիս այս աշխարհէն: Պատանքին գրպան չունենալը շատ դրական երեւոյթ է, նախ թեթեւ ճամբորդութեան երանելի վիճակ, երկրորդ կողոպտուելէ զերծ մնալու բացառիկ պատճառ: Երբ գողերը տեսնեն, որ նոյնիսկ գրպան չունիս, ինչո՞ւ մօտենան քեզի, կամ աւելորդ տեղ փամփուշտ սպառեն՝ վրադ կրակելով…։
Մտահոգութիւններուդ հսկայական լեռը քիչ մը թեթեւցուցած պիտի ըլլաս, երբ մտածես այս պարզ նախադասութեան մասին. պատանքը գրպան չունենար…։