22 Հոկտեմբերին, Ամսթըրտամի Սուրբ Հոգի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանի հանդիսապետութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Արցախի 44 օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման արարողութիւնը:
Արարողութեան ներկայ էին Նիտերլանտներու թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիկտոր Պիագով, ինչպէս նաեւ Նիտերլանտներու տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Խաչքարը տեղադրուած է բարերարութեամբ եկեղեցւոյ հաւատացեալ Արմէն Աւանէսովի: Խաչքարի հեղինակը հայաստանաբնակ Արտակ Համբարձումեանն է. խաչքարը Հայաստանէն Նիտերլանտներ հասաւ եւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուեցաւ օժանդակութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Գալուստ Աբրահամեանի եւ Տարօն Խաչատրեանի:
Օծման արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Այս խաչը օրհնուելով եւ օծուելով Սուրբ Միւռոնով դարձաւ Սուրբ Խաչ, խաչ որուն առջեւ մենք պէտք է շարունակենք երկրպագել, խաչ, որուն առջեւ մենք պէտք է շարունակենք աղօթել: Պէտք է աղօթենք, որպէսզի անոնք, որոնք այսօր եւ անցեալին իրենց կեանքը զոհեցին մեր հայրենիքին համար, Արցախի համար, որոնց կեանքը սուրբ կեանք դարձաւ, պէտք է խանդավառող առիթ դառնան մեզի համար: Եկէք միասին այս խաչքարին առջեւ աղօթենք. հայրենիքի, Արցախ աշխարհի եւ Սփիւռքի միասնութեան համար: Վստահ եղէք, որ մեր միասնական աղօթքին մէջ, մենք՝ հայ ժողովուրդի զաւակներս, պիտի շարունակենք հրաշքներ գործել»:
Դեսպան Պիագով իր խօսքին մէջ եւս շեշտեց միասնութեան կարեւորութիւնը, միասնութեան մէջ տեսնելով մեր ուժը։ «Այսօր մեզի միաւորած է ոչ միայն համընդհանուր ցաւը, մորմոքը, այլ նաեւ հպարտութիւնը: Այս խաչքարը ապացոյց է հայ ժողովուրդի անկոտրուն կամքի եւ ժամանակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու բացառիկ քաջութեան: Միայն ու միայն ամուր Հայաստանն ու մեր եկեղեցին է հայ ժողովուրդի անվտանգութեան եւ յարատեւութեան երաշխաւորը: Այսօրուան հրամայականն է՝ համախմբել բոլորիս ուժերը, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ՝ յանուն մեր երազանքի պետութեան կերտման», ըսաւ Պիագով:
Ձեռնարկին գեղարուեստական մասին մէջ ելոյթ ունեցան Ամսթըրտամի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» եւ Հիրհուկովարտի ծխական համայնքի կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները, նաեւ «Արմէնիա» երաժշտական կեդրոնի երաժիշտները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.